Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան կողմերու 17-րդ խորհրդաժողովին՝ ՔՈՓ17-ին, բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներուն եւ կենսաբազմազանութեան պաշտպանութեան հարցերուն քննարկման ընթացքին, Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան խնդիրները դուրս մնացած են օրակարգէն։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը։ Խորհրդաժողովի կազմակերպիչները մերժած են արցախցիներուն տաղաւար տրամադրել՝ պատճառաբանելով, որ անոնց դիմումը դուրս է բնապահպանական օրակարգի թիրախային նիւթերէն։ Այսպիսով, արցախահայերը զրկուած են ՔՈՓ17-ի թէ՛ կանաչ եւ թէ՛ կապոյտ գօտիներուն մէջ ներկայանալու կարելիութենէն։ Մինչ այդ, տարբեր երկիրներու բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներ շեշտած են իրենց իրաւունքներուն եւ հայրենի հողին հետ կապին պահպանման կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ տեղահանումը կը խզէ կապը հողին, աւանդական գիտելիքներուն եւ կենսաբազմազանութեան պահպանման միջոցներուն հետ։ Հոկտեմբեր 20-ին «Չկայ կենսաբազմազանութեան պաշտպանութիւն՝ առանց մարդու իրաւունքներու եւ արդարութեան» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպած է ՄԱԿ-ի գրասենեակին եւ տարբեր դեսպանատուներու դիմաց։ Ցուցարարները պահանջած են միջազգային քննարկումներու ընթացքին բարձրացնել Արցախի բռնի տեղահանուած հայութեան հարցը, ապահովել Արցախի բնութեան եւ մշակութային ժառանգութեան անկախ միջազգային մշտադիտարկումը եւ աջակցիլ արցախահայերու ապահով, կամաւոր ու արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքի իրականացման։ ՔՈՓ17-ի խորհրդաժողովը պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր 30։
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
ՔՈՓ17-ԻՆ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐԺՈՒԱԾ Է

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Abaka

ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ԱՆՏԵՍՈՒԻ․ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ՝ ԿՈՒԹԵՐԷՇԻՆ
Abaka / 16 hours ago

«ՀԱՅՓՈՍՏ»Ը ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՀՈՒՈՂ ՀԱՅ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐ ՓՈԽԱՆՑԵԼ
Abaka / 16 hours ago

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ․ «ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԻ ՇՈՒՏԱՓՈՅԹ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒՄԸ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆ Է»
Abaka / 16 hours ago

ԵԱՏՄ-Ի ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ՆԻՒԹ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱՍԵՑՄԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ
Abaka / 16 hours ago
Related coverage

Սփիւռքը եւ «անդրազգ» եզրոյթի հարցականները
Horizon Weekly / Oct 22

Turkish research centre repeatedly praises Pashinyan and criticizes the diaspora
Horizon Weekly / Oct 19

Լաւալի մէջ տեղի ունեցաւ «Սփիւռք ինքնութիւն/այլութիւն» Բ. հատորի ներկայացում
Horizon Weekly / Oct 19

Վանքուվըրի հայ համայնքը վերջին հրաժեշտը տուաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ ընկերուհի Մարալ Մինասեան-Քիւլլահեանին
Horizon Weekly / Oct 19