Ֆրանսական Սինեմաթէքը Հոկտեմբեր 19-էն Նոյեմբեր 9 յետահայեաց ցուցադրութիւններու շարք մը նուիրած է ֆրանսահայ բեմադիր Ռոպէր Կէտիկեանին՝ անոր նորագոյն՝ Une femme aujourd’hui («Կին մը այսօր») ժապաւէնին հրապարակ ելլելուն առիթով։ Յայտագիրը կ՚ընդգրկէ բեմադիրին ստեղծագործական տարբեր շրջաններէն ընտրուած 11 ժապաւէններ, որոնցմէ քանի մը հատին ցուցադրութեան ներկայ պիտի գտնուի ինք՝ Կէտիկեան։ 1953-ին Մարսիլիա ծնած, հայ հօր եւ գերմանացի մօր զաւակ Ռոպէր Կէտիկեան աւելի քան չորս տասնամեակէ ի վեր իր շարժանկարներով կը ներկայացնէ ֆրանսական ընկերութեան քաղաքական ու հասարակական վերիվայրումները։ Մարսիլիան, յատկապէս Էսթաքի բանուորական թաղամասը, ուր անցուցած է իր մանկութիւնը, առանձնայատուկ տեղ ունին անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ։ Իրեն հաւատարիմ դերասաններու խումբով մը, որոնց շարքին են Արիան Ասքարիտ, Ժան-Փիէր Տարուսէն եւ Ժերար Մէյլան, Կէտիկեան կը պատմէ աշխատաւոր դասակարգի կեանքին, ընտանեկան ու մարդկային կապերուն, հասարակական անհաւասարութիւններուն եւ ժողովուրդի համեստ խաւերուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին։ Ցուցադրութիւններուն շնորհիւ հանդիսատեսները առիթ պիտի ունենան վերստին դիտելու անոր առաջին երեք ժապաւէնները՝ Dernier Été (1981), Rouge Midi (1985) եւ Ki lo sa ? (1986), ինչպէս նաեւ վերջին տարիներու գործերէն La Villa , Gloria Mundi , Et la fête continue ! եւ La Pie voleuse ։ Այս ընտրանին հնարաւորութիւն կու տայ հետեւելու բեմադիրին արուեստին զարգացման՝ տեսնելու, թէ ինչպէս ան, հաւատարիմ մնալով իր սկզբնական համոզումներուն, տարիներու ընթացքին անդրադարձած է ֆրանսական ընկերութեան փոփոխութիւններուն։ Յայտագրին մէջ իր տեղը ունի նաեւ հայկական պատմական յիշողութիւնը։ Նոյեմբեր 7-ին, ժամը 17.30-ին պիտի ցուցադրուի Une histoire de fou («Խենթ պատմութիւն մը», 2015) ժապաւէնը, որ ներշնչուած է սպանացի լրագրող Խոսէ Անթոնիօ Կուրիարանի կեանքէն։ Վերջինս վիրաւորուած էր Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակին (ASALA) կազմակերպած գործողութիւններէն մէկուն ընթացքին։ Այս ժապաւէնով Կէտիկեան կ՚անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան՝ յաջորդ սերունդներուն փոխանցուած ցաւալի ժառանգութեան, յիշողութեան, բռնութեան եւ արդարութեան որոնումին։ Ֆիլմը կը շարունակէ արտայայտել՝ բեմադիրին հայկական արմատներուն եւ ազգային պատմութեան փոխանցման շուրջ երկար տարիներու մտորումները։ Յետահայեաց ցուցադրութիւններուն իբրեւ նախամուտ՝ Հոկտեմբեր 19-ին, Կէտիկեանի ներկայութեամբ կայացած է Une femme aujourd’hui նոր ժապաւէնին նախացուցադրութիւնը՝ Սինեմաթէքի յատուկ բաժանորդներուն համար։ Բուն յայտագրին բացումը նախատեսուած է Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, ժամը 20-ին, Dernier Été ժապաւէնին ցուցադրութեամբ՝ դարձեալ բեմադիրին ներկայութեամբ։ Կիրակի, Նոյեմբեր 8, ժամը 14.30-ին, Et la fête continue ! ժապաւէնին ցուցադրութենէն ետք, Ռոպէր Կէտիկեան պիտի մասնակցի շարժարուեստի նուիրուած հանդիպումի մը, զոր պիտի վարէ Ֆրանսական Սինեմաթէքի ընդհանուր տնօրէն Ֆրետերիք Պոնօ։ Ֆրանսական Սինեմաթէքը 2013-ին եւս յետահայեաց ցուցադրութիւններու շարք մը նուիրած էր Կէտիկեանին։ Այս նոր ձեռնարկը առիթ մըն է կրկին արժեւորելու բեմադիրի մը ստեղծագործական ուղին, ուր մարդկային անհատական ճակատագրերը անբաժան կը մնան պատմութեան եւ հասարակութեան մեծ վերիվայրումներէն։ Տեղեկութիւններ եւ ցուցադրութիւններու ամբողջական յայտագիր՝ www.cinematheque.fr — 51, rue de Bercy, Paris 12e։ Նշուած ժամերը Ֆրանսայի տեղական ժամով են։
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Ռոպէր Կէտիկեանի ժապաւէնները՝ Ֆրանսական Սինեմաթէքին մէջ

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Nor Haratch

Le lieutenant-colonel Antranig Sarkissian trouve la mort dans un accident aérien en France
Nor Haratch / 5 hours ago

À Erevan, le cinéma et la photographie français à l’honneur autour de la biodiversité
Nor Haratch / 7 hours ago

Larisa Safaryan, l’art de faire éclore la fragilité
Nor Haratch / 9 hours ago

Le monde culturel arménien pleure trois disparitions
Nor Haratch / 10 hours ago
Related coverage

Le développement des énergies vertes au cœur des discussions de la COP 17 qui se déroule à Erevan en Arménie
Nouvelles d'Arménie / 6 hours ago

Collecte de données en Arménie sur l’état du revêtement de tronçons de routes inter-États et de routes nationales qui totalisent 792,5 km
Nouvelles d'Arménie / 6 hours ago

«Արմատ 2026». Արեւշատ Ավագեան
Western Armenia TV / 6 hours ago

ARMAT 2026 / Рузан Асатрян: призыв к объединению древних народов
Western Armenia TV / 7 hours ago