Այսօր Ֆրան­­սա­­­յի մէջ հիմ­­նա­­­կան հար­­ցումը փո­­ղոց­­նե­­­րուն ե՛րբ հան­­դարտիլն է։ Երի­­տասարդնե­­րուն եւ ժո­­ղովուրդին պա­­հանջնե­­րը պի­­տի լսո­­ւի՞ն, թէ ոչ. պա­­տահած բռնու­­թիւննե­­րը պի­­տի վե­­րածո­­ւի՞ն ընդդի­­մու­­թեան օրի­­նակա­­նու­­թիւնը եւ ցոյ­­ցի իրա­­ւունքը սահ­­մա­­­նափա­­կելու պատ­­ճա­­­ռի։ Եր­­րորդ վար­­կա­­­ծը, ար­­դեօք ծայ­­րա­­­յեղ աջը պի­­տի ստեղ­­ծէ՞ քա­­ղաքա­­ցիական պա­­տերազ­­մի մթնո­­լորտ։ Ֆրան­­սա­­­յի մէջ ու­­սուցիչ չու­­նե­­­ցող դա­­սարան­­նե­­­րու, կրթու­­թեան մէջ խտրա­­կանու­­թեան, ան­­հա­­­ւասա­­րու­­թեան եւ ապա­­գայի մտա­­հոգու­­թեան դէմ սկսած երկրոր­­դա­­­կան վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու աշա­­կերտնե­­րուն շար­­ժումը՝ Հոկ­­տեմբեր 17-ին վե­­րածո­­ւեցաւ հա­­րիւր հա­­զարա­­ւոր մար­­դոց մաս­­նակցած բո­­ղոքի ցոյ­­ցի։ Հոկ­­տեմբեր 19-էն ետք երկրին շատ մը քա­­ղաք­­նե­­­րուն մէջ սկսան մաս­­նա­­­կի փո­­ղոց ել­­լե­­­լու ար­­գելքներ։ Բռնու­­թեան դէպ­­քե­­­րուն պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թեան շուրջ ըն­­թա­­­ցող քա­­ղաքա­­կան վի­­ճաբա­­նու­­թիւնը կը թի­­րախա­­ւորէ ո՛չ միայն կա­­ռավա­­րու­­թեան, այլ նաեւ ընդդի­­մու­­թեան օրի­­նակա­­նու­­թիւնը։ Ֆրան­­սա­­­յի մէջ Շա­­բաթ, Հոկ­­տեմբեր 17-ին կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած մեծ եր­­թին մաս­­նակցե­­ցաւ 800 հա­­զար մարդ։ Երկրի տա­­րած­­քին 110 տար­­բեր ցոյ­­ցեր տե­­ղի ու­­նե­­­ցան։ Քա­­նի մը շա­­բաթ առաջ աշա­­կերտնե­­րուն պա­­հանջնե­­րով սկսած բո­­ղոքի ցոյ­­ցե­­­րը այ­­սօր ար­­դէն դուրս եկած են կրթա­­կան ոլոր­­տի սահ­­մաննե­­րէն։ Կեան­­քի սղու­­թիւնը, վա­­ռելի­­քի գի­­ները, աշ­­խա­­­տավար­­ձե­­­րը, թո­­շակի իրա­­ւունքնե­­րը եւ հան­­րա­­­յին ծա­­ռայու­­թիւննե­­րու ան­­կումը եւս աւել­­ցած են շար­­ժումին պա­­հանջնե­­րուն։ Աշա­­կերտնե­­րուն կող­­քին միացան բա­­նուո­­րական արհմիու­­թիւններ, հա­­մալ­­սա­­­րանա­­կան­­ներ, ու­­սուցիչ­­ներ, առող­­ջա­­­պահու­­թեան ոլոր­­տի աշ­­խա­­­տող­­ներ, թո­­շակա­­ռու­­ներ եւ 2018-ին Ֆրան­­սան ցնցած Դե­­ղին Բաճ­­կոննե­­րու շար­­ժումին ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը։ Նա­­հան­­գա­­­պետա­­րանէն ար­­տօ­­­նուած օրի­­նական իրա­­ւունք հան­­դի­­­սացող եր­­թին վրայ CRS-ի (ցոյ­­ցե­­­րը ճնշող ոս­­տի­­­կանա­­կան ու­­ժեր) կի­­րար­­կած բռնու­­թիւնը, 1961-ի Հոկ­­տեմբեր 17-ին Ալ­­ճե­­­րիոյ ան­­կա­­­խու­­թեան հա­­մար կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած արիւ­­նա­­­լի ցոյ­­ցե­­­րէն ետք առա­­ջին ան­­գամ ըլ­­լա­­­լով այս չա­­փերուն հա­­սած է, կ՚ըսեն առա­­ջին սե­­րունդի տա­­րեց գաղ­­թա­­­կան­­ներ։ Ոս­­տի­­­կանու­­թիւնը ցու­­ցա­­­րար­­նե­­­րուն դէմ գոր­­ծա­­­ծեց պա­­տերազ­­մա­­­կան զէնք հա­­մարո­­ւող սար­­քա­­­ւորումներ։ Valeurs actuelles-ի թղթա­­կից Amaury Brelet-ի եւ ան­­կախ լրա­­տուա­­կան հար­­թակնե­­րու կող­­մէ ոս­­տի­­­կանա­­կան կա­­ռոյ­­ցէն սպրդած/ձեռք ձգո­­ւած տե­­ղեկու­­թիւննե­­րուն հա­­մաձայն՝ միայն Հոկ­­տեմբեր 17-ի ըն­­թացքին գոր­­ծա­­­ծուած է տար­­բեր տե­­սակի նռնակ­­ներ, մշուշ ստեղ­­ծող ռումբեր եւ այլ սար­­քեր։ Հոկ­­տեմբեր 20-ին հրա­­պարա­­կուած հա­­շուեկ­­շի­­­ռին հա­­մաձայն, Հոկ­­տեմբեր 17-ի եւ 18-ի ըն­­թացքին ձեր­­բա­­­կալու­­թիւննե­­րուն թի­­ւը ան­­ցաւ 2.500-ը, մինչ 123 անձ բանտ ղրկո­­ւեցաւ։ Բայց հոս եր­­կու տար­­բեր երե­­ւոյթներ իրա­­րու հետ չշփո­­թելու անհրա­­ժեշ­­տութիւ­­նը կայ։ Հա­­րիւր հա­­զարա­­ւոր մար­­դոց մաս­­նակցած հա­­սարա­­կական բո­­ղոքը եւ ցոյ­­ցե­­­րուն աւար­­տին մօտ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած կո­­ղոպուտն ու բռնու­­թիւնը նոյն բա­­նը չեն։ Աւե­­լին, այդ բռնու­­թեան դէպ­­քե­­­րուն մաս­­նակցող­­նե­­­րուն քա­­ղաքա­­կան ինքնու­­թիւնն ու կազ­­մա­­­կեր­­պա­­­կան կա­­պերը տա­­կաւին ամ­­բողջու­­թեամբ չեն լու­­սա­­­բանո­­ւած։ Եր­­թին ըն­­թացքին աշա­­կերտնե­­րուն եւ այլ մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րուն իրենց հե­­ռաձայննե­­րով նկա­­րահա­­նած հա­­րիւ­­րա­­­ւոր տե­­սերիզ­­ներ ցոյց կու տան, որ քա­­ղաքա­­ցիական հա­­գուստով ոս­­տի­­­կան­­ներ (մաս­­նա­­­ւորա­­պէս Յան­­ցա­­­գոր­­ծութեան դէմ պայ­­քա­­­րի բրի­­գատէն՝ BAC, կամ շրջա­­նային հե­­տախու­­զութե­­նէն ոս­­տի­­­կան­­ներ) ներ­­թա­­­փան­­ցած են եր­­թե­­­րուն մէջ, եւ որ այդ ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը սկսած ու մաս­­նակցած են հրկի­­զու­­մի եւ կո­­ղոպու­­տի գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րուն։ Խա­­նութպան­­ներ կը յայտնեն, թէ «ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը հրա­­ման ստա­­ցած ըլ­­լալնուն հա­­մար իրենց խա­­նութնե­­րը պաշտպա­­նելու մի­­ջամ­­տե­­­լէ մեր­­ժած են»։ Լիոնի եր­­թին վրայ քա­­նի մը տե­­սագ­­րութիւններ կաս­­կած կը յա­­ռաջաց­­նեն, թէ երեք օր առա­­ջուան կո­­ղոպուտնե­­րը կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած են ծայ­­րա­­­յեղ աջին կող­­մէ։ Յա­­մառ պա­­հանջնե­­րուն հա­­կառակ, կա­­ռավա­­րու­­թիւնը այս մա­­սին տա­­կաւին յայ­­տա­­­րարու­­թիւն մը չը­­րաւ։ Վար­­չա­­­պետ Սե­­պաս­­թիէն Լը­­քոր­­նիւ, Հոկ­­տեմբեր 19-ին՝ Եր­­կուշաբ­­թի օր, բո­­ղոքի ցոյ­­ցե­­­րուն մէջ պա­­տահած բռնու­­թեան դէպ­­քե­­­րէն ետք պնդեց, թէ «ծայ­­րա­­­յեղ ձախ շար­­ժումը» կ՚ու­­զէ «նա­­խագա­­հական ընտրու­­թիւննե­­րուն հաս­­նե­­­լու շրջա­­նին երկրին մէջ մեծ խառ­­նա­­­կու­­թիւն յա­­ռաջաց­­նել»։ Փա­­րիզի գլխա­­ւոր դա­­տախազ Լոր Պե­­քիւ իր կար­­գին՝ TF1-ի ու­­ղիղ եթե­­րին մէջ այս յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րուն հան­­դէպ վե­­րապա­­հու­­թիւններ յայտնեց եւ ըսաւ, թէ մին­­չեւ հի­­մա դա­­տարան­­նե­­­րուն առ­­ջեւ կանգնած ան­­ձե­­­րուն «ծայ­­րա­­­յեղ ձախ շար­­ժումին» հետ կապ մը չէ հաս­­տա­­­տուած։ Այս յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը ցոյց տո­­ւաւ, որ իշ­­խա­­­նու­­թեան՝ պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւնը որոշ խումբե­­րու վե­­րագ­­րող յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րուն եւ դա­­տական մար­­միննե­­րուն առ­­ջեւ եկած իրո­­ղու­­թիւննե­­րուն մի­­ջեւ շատ կա­­րեւոր տար­­բե­­­րու­­թիւն կայ։ Փո­­ղոց ել­­լե­­­լու ար­­գելքներ Հոկ­­տեմբեր 17-էն եր­­կու օր ետք վար­­չա­­­պետ Լը­­քոր­­նիւ նա­­հան­­գա­­­պետա­­րան­­նե­­­րէն խնդրեց, որ բռնու­­թիւններ եւ կո­­ղոպուտներ պա­­տահած շրջան­­նե­­­րուն մէջ մաս­­նա­­­կի փո­­ղոց ել­­լե­­­լու ար­­գելքներ գոր­­ծադրեն։ Կ՚ըսո­­ւի թէ այս խնդրան­­քին գլխա­­ւոր պատ­­ճառնե­­րէն մէ­­կը երկրին հինգ խո­­շորա­­գոյն բա­­նուո­­րական արհմիու­­թիւննե­­րուն (CFDT, CGT, FO, UNSA եւ FSU) կո­­չով 2026-ի Նո­­յեմ­­բեր 5-ին կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւելիք եր­­թի եւ ցոյ­­ցի ալի­­քին առ­­ջեւն առ­­նելն է, Փա­­րիզի մէջ Հան­­րա­­­պետու­­թեան հրա­­պարա­­կին եւ Լէ Ալ­­լի շրջա­­կայ որոշ փո­­ղոց­­նե­­­րուն մէջ, գի­­շերո­­ւան ժա­­մը 23.00-էն մին­­չեւ առա­­ւօտեան ժա­­մը 06.00, փո­­ղոց ել­­լե­­­լը ար­­գի­­­լուե­­ցաւ։ Էլի­­զէի պա­­լատին, Ազ­­գա­­­յին ժո­­ղովին, Ծե­­րակոյ­­տին, Ներ­­քին գոր­­ծոց նա­­խարա­­րու­­թեան եւ քա­­նի մը մեծ կա­­յարան­­նե­­­րուն շրջա­­կայ­­քը ցոյ­­ցի եւ հա­­ւաքի ար­­գելքներ սահ­­մա­­­նուե­­ցան։ Լիոնի կեդ­­րո­­­նի Պել­­քուր հրա­­պարա­­կին մէջ, կո­­ղոպուտնե­­րէն վնա­­սուած առեւտրա­­կան­­նե­­­րուն եւ անվտան­­գութեան ու­­ժե­­­րուն օժան­­դա­­­կելու նպա­­տակով հա­­ւաք մը կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւեցաւ։ Սկիզ­­բը ոչ քա­­ղաքա­­կան հա­­մարո­­ւած այս հա­­ւաքին ծայ­­րա­­­յեղ աջա­­կող­­մեան խումբեր մաս­­նակցե­­ցան։ Եր­­թի ըն­­թացքին գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րու եւ մու­­սուլման­­նե­­­րու դէմ կար­­գա­­­խօս­­ներ ար­­տա­­­սանո­­ւեցան, եւ Քել­­թա­­­կան խաչ կրող դրօշ մը բա­­ցուե­­ցաւ։ Շրջա­­նին մէջ ցոյ­­ցի եւ փո­­ղոց ել­­լե­­­լու ար­­գելքին հա­­կառակ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած եր­­թը՝ օրա­­կարգ բե­­րաւ հար­­ցը, թէ անվտան­­գութեան մի­­ջոցա­­ռումնե­­րը որո՞ւ դէմ եւ ինչպէ՞ս կը կի­­րար­­կո­­­ւին։ Հա­­սարա­­կական լա­­րուա­­ծու­­թեան բարձրա­­ցած շրջա­­նի մը մէջ, ծայ­­րա­­­յեղ աջին փո­­ղոցին մէջ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած կեր­­պով տե­­սանե­­լի դառ­­նա­­­լը հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թիւննե­­րու պատ­­ճառ դար­­ձաւ։ Ֆրան­­սա­­­յի մէջ բո­­ղոքի ցոյ­­ցե­­­րը այ­­լեւս քա­­ղաքա­­կան վի­­ճաբա­­նու­­թիւննե­­րու վե­­րածո­­ւեցան։ 17-ի եւ 18 Հոկ­­տեմբե­­րի դէպ­­քե­­­րէն ետք, Ծե­­րակոյ­­տի Իրա­­ւաբա­­նական յանձնա­­ժողովն ալ որո­­շեց կու­­սակցու­­թիւննե­­րու մի­­ջեւ քննու­­թիւն մը սկսիլ՝ անվտան­­գութեան մի­­ջոցա­­ռումնե­­րուն պատ­­րաստու­­թեան, ոս­­տի­­­կանա­­կան մի­­ջամ­­տութիւննե­­րուն եւ քա­­ղաքա­­կան-վար­­չա­­­կան պա­­տաս­­խա­­­նատւու­­թիւննե­­րուն քննու­­թեան հա­­մար։ Իշ­­խա­­­նու­­թիւնը կ՚ու­­զէ անվտան­­գութեան պնդումնե­­րը առաջ բե­­րելով ստո­­ւէրի մէջ թո­­ղուլ բո­­ղոք­­նե­­­րու իրա­­կան պատ­­ճառնե­­րը։ Բռնու­­թե­­­նէն օգ­­տո­­­ւողը ո՞վ է։ Անվտան­­գութեան խօ­­սոյ­­թը ո՞ր քա­­ղաքա­­կան դե­­րակա­­տար­­նե­­­րուն ձեռ­­քը կը զօ­­րաց­­նէ, ո՞ր ժո­­ղովրդա­­վարա­­կան իրա­­ւունքնե­­րուն սահ­­մա­­­նափա­­կու­­մը կ՚օրի­նականացնէ։