20Հոկ­տեմբե­րը մեզ՝ «Ակօս»ի անձնա­կազ­մի հա­մար դար­ձեալ ծանր օր մըն էր, քա­նի որ այդ օր յու­ղարկա­ւորե­ցինք մեր սի­րեցեալ խմբագ­րա­պետ Եդուարդ Տան­ձի­կեանի քոյ­րը՝ Թա­լին Տան­ձի­կեանը։ Ան մի­ջոցէ մը ի վեր կը խնա­մուէր Պա­լըք­լըի Յու­նաց Հի­ւան­դա­նոցի յար­կին տակ։ Յան­կարծա­կիօրէն խան­գա­րուե­ցաւ անոր առող­ջութիւ­նը սրտի տագնապի հե­տեւան­քով, որու շա­րու­նա­կու­թեան իս­կոյն զինք փո­խադ­րե­ցին խտա­ցեալ դար­մանման կա­րողու­թիւն ու­նե­ցող մի այլ հի­ւան­դա­նոց։ Բժիշկնե­րը դի­տել տա­լով թէ զար­կե­րակը չէ փա­փախած բա­ւական եր­կար ժա­մանակ, յու­սա­հատու­թիւն յայտնե­ցին ըսե­լով թէ եթէ յա­ջողին վե­րապ­րեցնել, վի­ճակը պի­տի չըլ­լայ այդ ն ոյ­նը, ինչ որ էր այս պա­տահա­րէն առաջ։ Անոնք նոյ­նիսկ զգու­շա­ցու­ցին ա մէն տե­սակ ան­բախցա­լի զար­գա­ցու­մի հան­դէպ պատ­րաստ գտնո­ւելու։ Նա­խորդ շա­բաթ առա­ւօտն էր, երբ կը պատ­րաստո­ւէինք «Աչըք Ռա­տիօ» ձայ­նասփիւ­ռի կա­յանէն սփռո­ւող «Ռա­տիօ Ակօս» հա­ղոր­դումին, խմբագ­րա­պետը զան­գա­հառե­լով գու­ժեց քիչ առաջ իրեն հաս­նող տխուր լու­րը։ Թէեւ այս աշ­խարհէն հրա­ժեշտ առ­նե­լու հա­մար տա­կաւին բա­ւակա­նին երի­տասարդ կը հա­մարո­ւէր, բայց ափ­սոս որ բազ­մաբնոյթ զա­նազան հի­ւան­դութիւններ եր­կար ժա­մանա­կէ ի վեր կը տան­ջէին զինք։ Փոր­ձով գի­տենք թէ բժիշկնե­րու նման պայ­մաննե­րու մէջ ար­տա­սանած «պատ­րաստ եղէք» ազ­դանշա­նը այդքան ալ իմաստ չու­նի վրայ հաս­նող կո­րուստի դի­մաց։ Ինչ մեղք որ այդ նոյն փոր­ձը ապ­րե­ցաւ նաեւ մեր խմբագ­րա­պետը, որուն այս պա­հուն մխի­թարա­կան նա­խադա­սու­թիւննե­րը իմաստ մը պի­տի չու­նե­նան, ար­դա­րեւ պի­տի ապա­ւինինք ժա­մանա­կի բու­ժիչ յատ­կութեան, որ նոյնպէս պի­տի դժո­ւարա­նայ հա­րազատ քրոջ կո­րուստը սփո­փելու։ Վեր­ջա­պէս քրոջ կո­րուստը ման­կա­կան յու­շե­րու մէջ մեծ քաղցրու­թեամբ յի­շատա­կուած պա­պենա­կան օճա­խի պա­տերէն մէ­կուն փուլ գալն է նաեւ։ Այս տխուր առ­թիւ խո­րապէս կը ցա­ւակ­ցինք մեր սի­րելի ըն­կե­րոջ եւ ըն­տա­նիքի բո­լոր պա­րաքաներուն։