Երե­ւան հա­սած են շարք մը եր­կիրնե­րու առաջ­նորդներ եւ բարձրաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեաներ: Երե­ւանի մէջ սկսաւ Կեն­սա­բազ­մա­զանու­թեան մա­սին հռչա­կագի­րի կող­մե­րու 17-րդ հա­մաժո­ղովին(ՔՈՓ17) ըն­դա­ռաջ կազ­մա­կեր­պո­ւած առաջ­նորդ նե­րու վե­հաժո­ղովը: Վե­հաժո­ղովին կը մաս­նակցին աւե­լի քան մէկ տաս­նեակ եր­կիրնե­րու ղե­կավար­ներ, որոնց շար­քին Իրա­նի նա­խագահ Մա­սուտ Փե­զեշ­քիանը, Ղա­զախստա­նի նա­խագահ Քա­սիմ Ժո­մարթ Թո­քայե­ւը, Վրաս­տա­նի վար­չա­պետ Իրաք­լի Քո պա­խիծէն, ինչպէս նաեւ Կեդ­րո­նական Ասիոյ եւ Ափ­րի­կէի շարք մը եր­կիրնե­րու ղե­կավար­ներ: Երե­ւան կը գտնո­ւի նաեւ Մ.Ա.Կ.ի ընդհա­նուր քար­տուղար Ան­տո­նիօ Կու­թիերե­սը: Թուրքիան վե­հաժո­ղովին կը ներ­կա­յաց­նէ գիւ­ղատնտե­սու­թեան նախարարը: