Վրաստանի Ուրպնիսի–Ռուիսի թեմի առաջնորդ Եոպ (Աքիաշվիլի) մետրոպոլիտին հակահայ արտայայտութիւնները դժգոհութիւն յառաջացուցած են Վրաստանի հայ համայնքին մէջ։ Հոկտեմբեր 14-ին, վրացական Սվետիցխովլոպա կրօնական տօնին առիթով արտասանած իր քարոզին ընթացքին, հոգեւորականը վիրաւորական արտայայտութիւններ ունեցած է հայ ժողովուրդին եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մասին՝ հայ հաւատացեալները նոյնիսկ «հերձուածողներ» կոչելով։ Մետրոպոլիտը պնդած է, թէ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն առաջինը ընդունած ըլլալու հայերուն հպարտութիւնը զիրենք առաջնորդած է դաւանական շեղումի։ Ան նաեւ յայտարարած է, թէ Վրաստանի մէջ ապրող հայերուն մեծամասնութիւնը ուղղափառ է, եւ թէ ուղղափառութիւնն է քրիստոնէական միակ ճշմարիտ հաւատքը։ «Վրաստանի հայ համայնք» հասարակական կազմակերպութիւնը խստօրէն դատապարտած է այս արտայայտութիւնները՝ շեշտելով, որ անոնք կը հակասեն քրիստոնէական եղբայրութեան, հանդուրժողութեան եւ փոխադարձ յարգանքի սկզբունքներուն։ Իր հաղորդագրութեան մէջ կազմակերպութիւնը յիշեցուցած է, թէ Հայ առաքելական եկեղեցին աշխարհի հնագոյն քրիստոնէական եկեղեցիներէն մէկն է եւ հայ ժողովուրդի ազգային ու հոգեւոր ինքնութեան հիմնասիւներէն։ Հայ համայնքը Վրաց ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանէն եւ Սուրբ սինոդոսէն պահանջած է քննել մետրոպոլիտին արտայայտութիւնները եւ յստակ դիրքորոշում յայտնել անոնց նկատմամբ։ Կազմակերպութիւնը ընդգծած է, որ դաւանական տարակարծութիւնները չեն կրնար արդարացնել հայ հաւատացեալներուն վիրաւորանքը, մանաւանդ երբ հայ եւ վրացի ժողովուրդները դարաւոր քրիստոնէական պատմութիւն ու համակեցութեան հարուստ աւանդութիւն ունին։
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Վրացի հոգեւորականի մը հակահայ արտայայտութիւնները պատճառ դարձած են Վրաստանի հայ համայնքի բողոքին

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Nor Haratch

Le lieutenant-colonel Antranig Sarkissian trouve la mort dans un accident aérien en France
Nor Haratch / 12 hours ago

À Erevan, le cinéma et la photographie français à l’honneur autour de la biodiversité
Nor Haratch / 14 hours ago

Larisa Safaryan, l’art de faire éclore la fragilité
Nor Haratch / 16 hours ago

Le monde culturel arménien pleure trois disparitions
Nor Haratch / 16 hours ago
Related coverage

Carnets d'Alep 2
France Arménie / 14 hours ago

Մզկիթի տակ թաքնված հայկական ժառանգությունը․ Ադաքլիի Սուրբ Գևորգ եկեղեցին
Western Armenia TV / Oct 15

725-летняя церковь на холме Ана Султан: молчаливый свидетель прошлого
Western Armenia TV / Oct 14

İskenderiye’nin küçük Ermeni dünyası: kaybolan bir topluluğun anıları
Western Armenia TV / Oct 14