Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի` Ռուսիոյ, Պելոռուսի, Ղազախստանի եւ Ղըրղզստանի անդամները ներկայացուցած են զեկոյց՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան կասեցման հնարաւոր հետեւանքներուն մասին։ Լուրը կը հաղորդէ «Թասս» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Ռուսիոյ կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ի կատարումն Պելոռուսի, Ղազախստանի, Ղըրղզստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու 29 Մայիս 2026ի յայտարարութեան` այդ երկիրներէն Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի անդամները պատրաստած են զեկոյց «Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին 2014ի Մայիսի 29ի պայմանագիրի գործողութեան կասեցման հնարաւոր հետեւանքներուն վերաբերեալ»: Զեկոյցը կ՛անդրադառնայ «Հայաստանի կողմէ ձեռնարկուած միջոցներուն՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան վերաբերող», կը ներառուի ԵԱՏՄ եւ ԵՄ իրաւական դրութիւններու համատեղելիութեան վերլուծում: Նաեւ կը ներկայացուի տեղեկատուութիւն «իրաւական գործիքակազմերու մասին, որոնք կոչուած են կանխելու Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան Հայաստանի որոշման իբրեւ հետեւանք ծագող վտանգները», գնահատականներ՝ ԵԱՏՄին Հայաստանի անդամակցութեան կասեցման հնարաւոր հետեւանքներուն: «Գործնական տեսանկիւնէ, ազգային որոշումներով «եւրոպական չափանիշներու» ներդրումը մաքսային ոլորտին մէջ` պահպանելով Հայաստանի Հանրապետութեան անդամութիւնը ԵԱՏՄին, ԵԱՏՄ մաքսային տարածքի միասնականութեան խախտման վտանգներ կը պարունակէ», կը նշուի զեկոյցին մէջ։ Փաստաթուղթին մէջ նաեւ ըստ ոլորտներու կանխատեսումներ կատարուած են ԵԱՏՄին Հայաստանի անդամակցութեան հնարաւոր դադրեցման պարագային արձանագրուելիք հետեւանքներուն, մասնաւորաբար՝ թէ երկրին կողմէ արտադրուող ապրանքներու արտածումը պիտի նուազի 30-50 տոկոսով, ներածումը՝ գրեթէ կիսով չափ, ԵԱՏՄ երկիրներուն հետ ապրանքաշրջանառութիւնը պիտի նուազի 55.6 տոկոսով, երկրի համախառն ներքին արտադրութիւնը՝ 15.6 տոկոսով, կազի գինը Հայաստանի համար պիտի աւելնայ 69 տոկոսով, երկրի քաղաքացիներուն համար աշխատանքային կեցութեան պայմանները պիտի խստացուին եւ ԵԱՏՄ երկիրներէն Հայաստան դրամական փոխանցումներուն ծաւալը գրեթէ կիսով չափ պիտի նուազի եւ այլն: Զեկոյցը պիտի ներկայացուի ԵԱՏՄ պետութիւններու ղեկավարներուն, նաեւ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։ Զեկոյցին հեղինակները կը հաստատեն, որ Ռուսիան, Պելոռուսը, Ղազախստանը եւ Ղըրղզստանը, «Միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն, մասնաւորաբար, միջազգային պայմանագիրներու իրաւունքի մասին Վիեննայի 23 Մայիս 1969ի պայմանագրային դրոյթներուն համապատասխան», իրաւունք ունին քննարկել ԵԱՏՄին Հայաստանի անդամակցութիւնը կասեցնելու հարցը, մինչեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու կամ ԵԱՏՄի մէջ մնալու հարցով հանրաքուէի կայացումը։ Մինչդեռ ԵԱՏՄ Ասթանայի մայիսեան վեհաժողովէն առաջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ ԵԱՏՄ անդամ երկիրները չեն կրնար Հայաստանը դուրս հանել միութենէն։ Ասթանայի մէջ որդեգրուած յայտարարութեամբ վերոյիշեալ չորս երկիրներուն նախագահները որոշած էին Հայաստանի նկատմամբ Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին պայմանագրի գործողութեան դադրեցման հետեւանքները քննարկել Դեկտեմբեր 2026ին, ԵԱՏՄ միջկառավարական խորհուրդի նիստին։