«Վանայ Ձայն»-ի յոբելեանը նախ եւ առաջ առիթ է 40-ամեայ անցած ուղին արժեւորելու, ներկայացնելու իրերայաջորդ անձնակազմերու իրականացուցած աշխատանքի հանրագումարը: Գիտակցելու մանաւանդ, որ անոր ծնունդի ու գործունէութեան ծաւալման ժամանակահատուածը Լիբանանի պատերազմական իրերայաջորդ արարներուն կը կապուէր: Լիբանանահայը ճգնաժամի այդ օրերուն ունէր հաւաստի հաստատութիւն մը, որուն ականջալուր կ՛ըլլար` իմանալու համար երկրին եւ յատկապէս համայնքին վերաբերող լուրերուն, ապահովական արտակարգ իրավիճակներու մէջ մանաւանդ առնելիք քայլերուն: Սպասելու յայտարարութիւններու, արագ լուրերու, նոյնիսկ դպրոցներուն բաց կամ փակ մնալու որոշումներուն իրազեկ դառնալու: Կողմնորոշիչ գործառոյթ ունէր «Վանայ Ձայն»-ը ճգնաժամի զանազան փուլերուն եւ այդպիսով նաեւ մնայուն ուղեկիցն էր լիբանանահայուն: Այս բաժինը անպայման պէտք էր իբրեւ նախաբան ընդգծել, որովհետեւ «Վանայ Ձայն»-ը այդ պայմաններուն մէջ հիմնադրուեցաւ եւ իր առաքելութիւնը պատուով կատարեց ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ: «Վանայ Ձայն»-ը սակայն այդ բոլորին առընթեր եւ անկէ ետք հիմնովին նպաստեց հայկական երաժշտութեան տարածման: Պատուէրներու յայտագիրներէն մինչեւ մշակութային հաղորդումներ, ազգային տօներէն մինչեւ հայրենական եւ սփիւռքեան իրադարձութիւններ անցեալն ու ներկան կամրջող նիւթեր, լեցուցին «Վանայ Ձայն»-ի բովանդակութիւնը, անոր առաքելութեան ճիշդ բնորոշիչները արձանագրելով: Այսօր, յատուկ լուսարձակներ կը բացուին արեւմտահայերէնի կենսունականացման եւ զարգացման հրամայականին վրայ եւ համապատասխան դասընթացքներ եւ գործիքակազմեր կը ստեղծուին: Բոլորը կ՛օգնեն յայտարարուած հրամայականին: Այս շրջածիրին մէջ ալ անհրաժեշտ է գիտակցիլ, որ հերթական օր, բարի լոյսէ մինչեւ յաջորդ բարի լոյս, շուրջօրեայ դրութեամբ, «Վանայ Ձայն»-ի ալիքին միացողը արեւմտահայերէն լուրեր, հաղորդումներ, ծանուցումներ, երգեր կը լսէ: Արեւմտահայերէնի կենսունակ պահպանման հաստատութենական երեւոյթ մը, որուն հետեւելով ինքնաշարժին մէջ, աշխատանքի դադարին թէ բնակարանին մէջ պարզապէս առընթեր ունկնդրելով, որեւէ հայ անհատ հաղորդակցութեան մէջ կ՛ըլլայ արեւմտահայերէնին հետ: Իբրեւ այդպիսին, «Վանայ Ձայն»-ը կը շարունակէ ստանձնած պահել արեւմտահայերէնի տարածման ու զարգացման ամէնէն ազդեցիկ գործիքը հանդիսանալու իր իւրայատկութիւնը: Ընկերային ցանցերը այսօր տեղեկատուական ոլորտը բոլորովին նոր հարթութիւն տեղափոխած են: Աշխարհագրութիւնը անսահման է որեւէ տեղեկատուական միջոցի արտադրութեան վերահասու ըլլալու, հետեւելու եւ նոյնիսկ հակազդելու: «Վանայ Ձայն»-ը ընկերային ցանցերու ամէնէն տարածուն հարթակներուն վրայ ներկայութիւն է եւ այդ ճամբով անդրանցած` արդէն իր զուտ լիբանանահայութեան ձայնասփիւռի կայանը ըլլալու հանգամանքը: Անիկա լսելի է եւ որոնուող լրատուամիջոց հայկական աշխարհին մէջ: Այս իրականութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի մեր հարազատ լրատուամիջոցին համար, որուն կը հետեւին բազմահազար ունկնդիրներ աշխարհի բոլոր անկիւններէն: Առաւօտեան զրոյցներէն մինչեւ հայրենական հաղորդումներ, մինչեւ մանկապատանեկան յայտագիրներ, քաղաքական լրատուութիւններէն մինչեւ ձայնասփիւռային թատերական ներկայացումներ, արխիւային նիւթերու մատուցումներէն մինչեւ հոգեւոր զրոյցներ եւ քննարկումներ` «Վանայ Ձայն»-ը հասանելի է հայ անհատին ու ընտանիքին: Ուղիղ սփռումները, արդէն նաեւ տեսողական ձեւաչափերով, յաճախ կը մղեն, որ աշխարհի տարբեր ժամային գօտիներու մէջ գտնուող հայ մարդիկ, նոյնիսկ ուղիղ հետեւին հրատապ յայտագիրներուն: «Վանայ Ձայն»-ն էր, որ Անթիլիասի մայր տաճարի պատարագները հասցուց տարբեր պատճառներով ներկայ գտնուելու կարողութիւնը չունեցող մարդոց տուները: Հիմա ալ արդէն տարբեր երկիրներու մէջ ապրող այն մարդոց, որոնք կ՛ուզեն առցանց ներկայ ըլլալ հոգեւոր արարողութիւններուն: Մէկ քաղաքական դիտարկում եւս: Այս հարազատ հաստատութեան անունը Արեւմտահայաստանը խորհրդանշող քաղաք է: Վանը նաեւ ազատագրական պայքարի մեր խորհրդանիշն է. հետեւաբար նաեւ` մեր քաղաքական պահանջատիրութեան: Անոր ձայնը թելադրական է, ուղերձային եւ այժմէական, մանաւանդ այս օրերուն, երբ այդ բոլորէն հրաժարելու խռպոտ ձայներ կը հնչեն: Մեր ռատիոյէն հնչող ձայնը հարազատ է, լսելի՛ ուժգնութեամբ եւ հաւատարիմ` Վանէն եւ Արեւմտահայաստանէն եկած ժառանգութեան: Եւ շատ լա՛ւ է, որ անիկա լսելի է ամբողջ հայկական աշխարհին մէջ:
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Ազդակ-ի Խմբագրական. Հայկական աշխարհին մէջ լսելի՛ ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-ամեակին առիթով)
«Վանայ Ձայն»-ի յոբելեանը նախ եւ առաջ առիթ է 40-ամեայ անցած ուղին արժեւորելու, ներկայացնելու իրերայաջորդ անձնակազմերու իրականացուցած աշխատանքի հանրագումարը: Գիտակցելու մանաւանդ, որ անոր ծնունդի ու գործունէութեան ծաւալման ժամանակահատուածը Լիբանանի պատերազմական իրերայաջորդ արարներուն կը կապուէր: Լիբանանահայը ճգնաժամի այդ [...] Leer más >>

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Diario Armenia

El Colegio Armenio Jrimian celebrará su 9º Festival de Danzas “Migrar Bailando”
Diario Armenia / 11 hours ago

National Geographic incluyó a Armenia entre los mejores destinos del mundo para visitar en 2027 por el Sendero Transcaucásico
Diario Armenia / 12 hours ago

El Ciclo de Cine Armenio de UGAB Buenos Aires volverá a proyectar “Monsieur Aznavour” tras convocar a más de 120 espectadores en su primera función
Diario Armenia / 16 hours ago

Unión Juventud Armenia de Montevideo realizó una nueva Asamblea General y planteó los desafíos de crecimiento y militancia juvenil
Diario Armenia / Oct 22
Related coverage

"Resulta simplemente ridículo hablar de competencia política"
Nor Sevan / 6 hours ago

Entre Turquía y Azerbaiyán: el fin de la Declaración de Shushi. Por Aram Amatuni
Soy Armenio / Oct 20

La prueba de la hermandad: Turquía y Azerbaiyán discuten en público por Israel
Soy Armenio / Oct 10

El peligroso círculo que rodea la paz en torno a Armenia. Por Hovhan Mandakuni
Soy Armenio / Oct 5
