Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի անդամները՝ Ռուսիոյ, Պելառուսի, Խազախիստանի եւ Խրխզիստանի ներկայացուցիչները, պատրաստած են զեկոյց մը՝ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵԱՏՄ) Հայաստանի անդամակցութեան հաւանական կասեցման հետեւանքներուն մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը՝ յղում ընելով Ռուսիոյ կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան: Փաստաթուղթը կ’անդրադառնայ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու Երեւանի ձեռնարկած քայլերուն եւ ԵԱՏՄ-ի ու ԵՄ-ի իրաւական դրութիւններու համատեղելիութեան: Զեկոյցի հեղինակները կը նշեն, որ Հայաստանի կողմէ մաքսային մարզին մէջ «եւրոպական չափանիշերու» ներդրումը կը խախտէ ԵԱՏՄ-ի մաքսային տարածքի միասնականութիւնը: Ըստ կանխատեսումներու՝ անդամակցութեան դադարեցման պարագային. -Հայաստանէն ապրանքներու արտահանումը պիտի նուազի 30-50%-ով, իսկ ներկրումը՝ գրեթէ կէսով: -ԵԱՏՄ-ի երկիրներուն հետ ապրանքաշրջանառութիւնը պիտի նուազի 55.6%-ով, իսկ երկրին ՀՆԱ-ն՝ 15.6%-ով: -Բնական կազի գինը Հայաստանի համար պիտի բարձրանայ 69%-ով: -Պիտի խստանան աշխատանքային տեղաշարժի պայմանները, իսկ դրամական փոխանցումներու ծաւալը պիտի կրճատուի գրեթէ կէսով: Զեկոյցը, որ պիտի ներկայացուի ԵԱՏՄ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն, կ՚ընդգծէ, որ չորս երկիրները իրաւունք ունին քննարկելու Հայաստանի անդամակցութեան կասեցումը՝ նախքան Երեւանի կողմէ ԵՄ-ի կամ ԵԱՏՄ-ի հարցով հանրաքուէի անցկացումը: The post ԵԱՏՄ-Ի ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱՍԵՑՄԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՅՑ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ Է appeared first on Գանձասար .
Translate this article
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Politics
ԵԱՏՄ-Ի ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱՍԵՑՄԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՅՑ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ Է

Comments
Sign in to join the conversation.
No comments yet — be the first to comment.




