Տնտեսութեան Նախարարութիւնը, Դամասկոսի մէջ Իտալիոյ դեսպանատունը, Աշխատանքի Միջազգային Կազմակերպութիւնը (ILO) եւ ՄԱԿ-ի Արդիւնաբերական Զարգացման Կազմակերպութիւնը (UNIDO), Երեքշաբթի օր, Դամասկոսի Իտալիոյ դեսպանատան կեդրոնատեղիին մէջ գումարեցին ժողով մը՝ քննարկելու համար Սուրիոյ մէջ ջուլհակութեան եւ մետաքսագործութեան մարզի զարգացման ուղիները, անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու զայն հզօրացնող լուծումներն ու առաջարկները՝ «Յոյսի հիւսք» ծրագիրի ծիրէն ներս: Ժողովին հիմնական նպատակն է ապահովել անհրաժեշտ ելեւմտական աջակցութիւնը՝ պիւտճէին մէջ առաջացած բացը գոցելու համար: Ծրագիրի ընդհանուր նախահաշիւը կը գնահատուի շուրջ 5 միլիոն եւրոյով, որմէ Իտալիոյ կառավարութիւնը արդէն տրամադրած է մօտ 1,7 միլիոն եւրո, իսկ Աշխատանքի Միջազգային Կազմակերպութիւնը իր սեփական միջոցներէն յատկացուցած է շուրջ 700 հազար եւրո: The post ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՋՈՒԼՀԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԵՏԱՔՍԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԶԻ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ appeared first on Գանձասար .
Translate this article
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Politics
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՋՈՒԼՀԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԵՏԱՔՍԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԶԻ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ

Comments
Sign in to join the conversation.
No comments yet — be the first to comment.




