ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Զուիցերիոյ Արտաքին Յարաբերութիւններու Դաշնակցային Բաժանմունքի ղեկավար Իկնասիօ Քասիս 15 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ Զուիցերիան կը փափաքի աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան գործընթացին, եթէ Երեւանն ու Պաքուն փափաքին: «Ես կը խրախուսեմ երկու երկիրները` շարունակելու ջանքերը` հասնելու համար խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան, յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ յատկապէս անոր իրագործման: Նկատի ունենալով երկխօսութիւններու եւ խաղաղութեան հաստատման մեր փորձառութիւնը` Զուիցերիան կը փափաքի աջակցիլ այդ գործընթացին, եթէ երկու կողմերը փափաքին», շեշտեց ան` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ տուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին: Ան ողջունելի նկատեց ցարդ կատարուածը` զայն նկատելով «գործնականին մէջ խաղաղութիւն», նաեւ դիտել տալով, որ «արձանագրուած յաջողութիւնները կարելի կը դարձնեն կայուն խաղաղութիւնը»: Բայց եւ այնպէս, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին կարծիքով` մարտահրաւէրները կը յամենան, մասնաւորապէս` մարդասիրական հարցերու մէջ: Միեւնոյն մամլոյ ասուլիսին, ի շարս այլ նիւթերու, նախարար Միրզոյեան յայտնեց, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը կրնայ աւելի կանուխ բացուիլ, քան կարգաւորման հարցով Երեւանի բանագնացի թեկնածութեան հաստատուիլը: «Ասիկա մի՛ ընդունիք որպէս պաշտօնական յայտարարութիւն, բայց անկեղծաբար ըսեմ, այս մէկը դեռ հարց է` նոր բանագնացի կարիք կա՞յ, թէ չկայ, որովհետեւ սահմանի բացումը կրնայ աւելի շուտ ըլլալ, քան նոր բանագնացներու թեկնածութեան համաձայնեցումը», «Ազատութեան» հարցումին ի պատասխան ըսաւ Միրզոյեան: Ըստ անոր, Թուրքիոյ հետ գրեթէ ամէնօրեայ կապ կայ: Իսկ թէ ինչո՞վ պայմանաւորուած էր նախօրէի իր լաւատեսական յայտարարութիւնը, թէ հնարաւոր է` «վաղը առտու արթննանք եւ տեսնենք` Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բաց է», Միրզոյեան շեշտեց, որ ատիկա տեղի ունեցող գործընթացներուն արդիւնքն է. «Թուրքիոյ մէջ որոշեցին չեղեալ համարել Հայաստան արտահանման արգելքը, մենք միասին կը վերանորոգենք Անիի կամուրջը, մենք ունինք Կիւմրի-Կարս երկաթուղի աշխատանքային խումբ, որ պարբերաբար հանդիպումներ կ՚ունենայ: Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայաստան-Թուրքիա գործարար համաժողով, յոյսով եմ` այս անգամ եւս փակ սահմանը կը բացուի եւ ատով կ՛անցնին հայ գործարարները, ինչպէս Կարսի մէջ տեղի ունեցած համաժողովին եղաւ: Կ՛ուզէի ըսել, որ գործընթացը այնքան հասունցած է, որ շատ բնական կը դառնայ որեւէ օր ունենալ ամբողջական կարգաւորում», դիտել տուաւ Միրզոյեան` ընդունելով, որ վերջնական նպատակին` դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման ու սահմանի ամբողջական բացման դեռ չեն հասած: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս ընդունեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Իկնասիօ Քասիսը: Ան կարեւոր նկատեց Հայաստան-Զուիցերիա յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացումը եւ այդ առումով փոխադարձ բարձր մակարդակի այցելութիւններու կազմակերպումը: Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ աւելցուց, որ Հայաստանի կառավարութեան համար Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնն ու վաւերացումը առաջնահերթութիւն են: Իկնասիօ Քասիս աւելցուց, որ Զուիցերիան եւս կարեւոր կը նկատէ քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական կապերու զարգացումը: Վերջինս ողջունեց եւ կարեւոր նկատեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը` յոյս յայտնելով, որ կարելի եղածին չափ շուտ տեղի պիտի ունենայ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը: The post ԵԱՀԿ-Ի ԳՈՐԾՈՂ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ` ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՄԷՋ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ ԿԸ ՅԱՄԵՆԱՆ appeared first on Գանձասար .
Translate this article
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Politics
ԵԱՀԿ-Ի ԳՈՐԾՈՂ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ` ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՄԷՋ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ ԿԸ ՅԱՄԵՆԱՆ

Comments
Sign in to join the conversation.
No comments yet — be the first to comment.




