Ֆրանսայի Լուառ նահանգի Սէն-Շամոն քաղաքին մէջ, Հոկտեմբեր 18-ին, հանդիսաւորապէս բացուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին նուիրուած խաչքար մը՝ հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ բակին մէջ։ Հայաստանի Քաջարան քաղաքի քաղաքապետ Մանուէլ Փարամազեանի նախաձեռնութեամբ զետեղուած այս խաչքարը կը խորհրդանշէ երկու քոյր քաղաքներուն միջեւ հաստատուած բարեկամական կապերը։ Արարողութեան ներկայ գտնուած են Սէն-Շամոնի եւ Քաջարանի քաղաքապետերը՝ Աքսէլ Տիւկուա եւ Մանուէլ Փարամազեան, ինչպէս նաեւ տեղական իշխանութիւններու, հոգեւորականութեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։ Խաչքարը օրհնած է Ֆրանսայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ Եղիա եպիսկոպոս Եղիայեան, որմէ ետք պատարագ մատուցուած է՝ ի յիշատակ 1915-ի Ցեղասպանութեան զոհերուն։ Երկու քաղաքապետերը շեշտած են պատմական յիշողութիւնը նոր սերունդներուն փոխանցելու եւ իրենց քաղաքներուն միջեւ բարեկամական կապերը ամրապնդելու կարեւորութիւնը։ Մանուէլ Փարամազեան մասնաւորաբար ընդգծած է խաչքարին խորհրդանշական նշանակութիւնը՝ իբրեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ հաւատքի վկայութիւն։ Այս նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ Սէն-Շամոնի եւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզին մէջ գտնուող Քաջարանի միջեւ սկսած գործակցութիւնը։ Անցեալ Յունիսին Քաջարանի մէջ բացուած էր ֆրանսախօսութեան կեդրոն մը՝ ֆրանսերէնի ուսուցումը քաջալերելու եւ Ֆրանսայի հետ մշակութային կապերը զարգացնելու նպատակով։ Այս խաչքարով Սէն-Շամոն կ՚ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած նոր յուշավայր մը, որ գալիք սերունդներուն պիտի յիշեցնէ 1915-ի ողբերգութիւնը։
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Սէն-Շամոնի մէջ խաչքար մը բացուած է՝ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Nor Haratch

Ռոպէր Կէտիկեանի ժապաւէնները՝ Ֆրանսական Սինեմաթէքին մէջ
Nor Haratch / 10 hours ago

Bakou a demandé le limogeage d’un conseiller d’Erdogan
Nor Haratch / 10 hours ago

L’Arménie recevra prochainement des avions militaires tchèques L-39 Skyfox
Nor Haratch / 11 hours ago

Les propos anti-arméniens d’un prélat géorgien suscitent les protestations de la communauté arménienne de Géorgie
Nor Haratch / 11 hours ago
Related coverage

Во французском городе Сен-Шамон установлен хачкар в память о жертвах Геноцида
Western Armenia TV / Oct 21

«Армад 2026»: проект по переосмыслению идентичности и защите прав коренных народов
Western Armenia TV / Oct 19

Այանիկոլա կղզիի պատմական եկեղեցւոյ աւերակները պիտի պահպանուին եւ վերականգնուին
Western Armenia TV / Oct 17

Թարգմանչաց տոնը՝ հայ ինքնության և հավերժության խորհրդանիշ
Western Armenia TV / Oct 17