Լիբանանի Ֆանար շրջանին մէջ գործող «Արամ Ա. կաթողիկոս» հայագիտական հիմնարկը Հոկտեմբեր 14-ին բացած է 2026–2027 կրթական տարեշրջանը՝ Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեամբ։ Հիմնարկը այս տարի կը համախմբէ 45 ուսանող, որոնք դասընթացքներուն կը հետեւին առկայ կամ առցանց դրութեամբ, ինչպէս նաեւ եօթը ազատ ունկնդիր։ Վերամուտին առիթով կազմակերպուած հանդիպման մասնակցած են Հիմնարկին տնօրէնութիւնը, դասախօսներն ու ուսանողները։ Հիմնարկի տնօրէն Ահարոն Շխրտըմեան իր խօսքին մէջ շեշտած է հայագիտական կրթութեան այժմէական նշանակութիւնը, յատկապէս Սփիւռքի դիմագրաւած լեզուական, մշակութային եւ ազգային ինքնութեան պահպանման մարտահրաւէրներուն լոյսին տակ։ Անոր համաձայն, հայագիտութիւնը այլեւս միայն ուսումնական բնագաւառ մը չէ, այլեւ հայ ժողովուրդին գոյատեւման ու շարունակականութեան կարեւոր երաշխիքներէն մէկը։ Շխրտըմեան ընդգծած է նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութիւնը վայելող հիմնարկին առաքելութիւնը՝ պատրաստել հայագիտական գիտելիքներով օժտուած, ազգային գիտակցութեամբ ամուր եւ իր արմատներուն հաւատարիմ երիտասարդներ, որոնք միաժամանակ կարենան քայլ պահել արդի աշխարհի զարգացումներուն հետ։ Նորեկ եւ ուսումը շարունակող ուսանողներուն, ինչպէս նաեւ դասախօսներուն յաջող տարեշրջան մաղթելով՝ տնօրէնը հիմնարկին առաքելութիւնը խտացուցած է հետեւեալ խօսքերուն մէջ. «Արեւմտահայերէնը, հայ մշակոյթն ու հայոց պատմութիւնը ապրեցնելով՝ մենք մեր ժողովուրդին վաղուան օրը կը կերտենք»։
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
ԼԻԲԱՆԱՆ – «Արամ Ա. կաթողիկոս» հայագիտական հիմնարկը բացած է իր նոր կրթական տարեշրջանը

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Nor Haratch

Le lieutenant-colonel Antranig Sarkissian trouve la mort dans un accident aérien en France
Nor Haratch / 12 hours ago

À Erevan, le cinéma et la photographie français à l’honneur autour de la biodiversité
Nor Haratch / 14 hours ago

Larisa Safaryan, l’art de faire éclore la fragilité
Nor Haratch / 16 hours ago

Le monde culturel arménien pleure trois disparitions
Nor Haratch / 16 hours ago
Related coverage

Carnets d'Alep 2
France Arménie / 14 hours ago

Մզկիթի տակ թաքնված հայկական ժառանգությունը․ Ադաքլիի Սուրբ Գևորգ եկեղեցին
Western Armenia TV / Oct 15

725-летняя церковь на холме Ана Султан: молчаливый свидетель прошлого
Western Armenia TV / Oct 14

İskenderiye’nin küçük Ermeni dünyası: kaybolan bir topluluğun anıları
Western Armenia TV / Oct 14