Հոլիվուտեան աստղ եւ բնապահութեան պաշտպան Լէոնարտօ Տի Գափրիօ ողջունած է Հայաստանի եւ Գոլոմպիոյ նախաձեռնութեամբ ստեղծուած միջազգային համախմբումը, որուն նպատակն է փրկել անհետացման վտանգի ենթակայ կենդանական եւ բուսական տեսակները եւ վերականգնել անոնց բնական պաշարները։ Ինսթակրամի իր էջին վրայ դերասանը շեշտած է, թէ այլեւս բաւարար չէ միայն կանխել տեսակներու անհետացումը. անհրաժեշտ է նաեւ գործնական միջոցներով նպաստել անոնց բազմացման եւ վերականգնման։ Երեւանի մէջ COP17-ի ղեկավարներու վեհաժողովին առիթով յայտարարուած նոր նախաձեռնութիւնը՝ CARES-ը, կը համախմբէ տասնեօթը կառավարութիւններ՝ Հայաստանի եւ Գոլոմպիոյ գլխաւորութեամբ։ Միաժամանակ, բարեսիրական ինը հիմնադրամներ եւ կազմակերպութիւններ, որոնց շարքին՝ Տի Գափրիոյի համահիմնադրած «Re»-ն, ստեղծած են առանձին դաշինք մը՝ յանձն առնելով յառաջիկայ հինգ տարիներուն աւելի քան 500 միլիոն տոլար յատկացնել անհետացման սպառնալիքի տակ գտնուող տեսակներու վերականգնման։ Դերասանը շնորհաւորած է նախաձեռնութիւններուն մասնակից կառավարութիւններն ու կազմակերպութիւնները՝ ընդգծելով, որ բնութեան պահպանութիւնը կը պահանջէ երկարատեւ յանձնառութիւն, համակարգուած ջանքեր եւ կայուն գանձատրում։ Յիշեցնենք, որ կենսաբազմազանութեան նուիրուած ՄԱԿ-ի COP17 համաժողովը Երեւանի մէջ պիտի գումարուի Հոկտեմբեր 19-էն 30։