ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Երեւան, 16 Հոկտեմբեր 2026 #FreeArmenianHostage #LIBERTAS Ի տես Պաքուի մէջ 20 հայ գերիներու շարունակուող կալանաւորման, Երեւանի մէջ գումարուած միջազգային խորհրդաժողով մը կոչ ուղղած է աշխուժացնելու Հայաստանի եւ Սփիւռքի համահայկական զօրաշարժը, աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու միջազգային ատեաններու դիմելու ջանքերը եւ մշակելու հանրային քաղաքականութիւններ՝ գերիներուն ու անոնց ընտանիքներուն պաշտպանութեան համար։ Իրաւունքի եւ հակամարտութիւններու լուծման «Covcas» կեդրոնի նախաձեռնութեամբ, անոր «ԼԻՊԵՐԹԱՍ» արշաւին ծիրէն ներս, Հոկտեմբեր 16-ին Երեւանի մէջ գումարուած է միջազգային բազմամասնագիտական խորհրդաժողով մը՝ նուիրուած Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն, ինչպէս նաեւ ազատ արձակուած գերիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն։ Քննարկումներուն առանցքը կազմած են միջազգային դատարաններու դիմելու կարելիութիւնները, գերիներու միջազգային պաշտպանութեան միջոցները՝ անկախ Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման հարցէն, ինչպէս նաեւ անոնց դատավարութիւններն ու իրաւունքներու խախտումները։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ գերութեան հոգեբանական հետեւանքներուն, մասնաւորապէս հոգեկան ցնցումներուն եւ յետցնցումային ընկճախտին, ինչպէս նաեւ ներկայիս կալանաւորուած եւ նախկին գերիներուն ու անոնց հարազատներուն ճանաչումն ու պաշտպանութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ պետական քաղաքականութիւններուն։ Խորհրդաժողովին ուշագրաւ պահերէն մէկը եղած է բեմադիր Տիգրան Պասկեւիչեանի «Ռազմագերիներ» վաւերագրական ժապաւէնին նախացուցադրութիւնը, որ նոր խորութիւն հաղորդած է գերութեան եւ գերիներու ճակատագրին շուրջ ծաւալած խորհրդածութիւններուն։ «Համախմբուիլ գերիներու ընտանիքներուն շուրջ». հաւաքական զօրաշարժի կոչ «Covcas» կեդրոնի նախագահ եւ «ԼԻՊԵՐԹԱՍ» շարժման նախաձեռնող Հիլտա Չոպոյեան կոչ ուղղած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութեան՝ համախմբուելու գերիներու ընտանիքներուն շուրջ։ Նպատակն է զօրացնել այդ ընտանիքներուն ձեռնարկած քայլերը, բարձրացնել պետական իշխանութիւններուն դիմելու եւ իրենց պահանջները լսելի դարձնելու անոնց կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ ստեղծել հաւաքական այնպիսի ուժ մը, որ կարենայ ազդել կառավարական որոշումներուն վրայ եւ թափ հաղորդել գերիներու ազատ արձակման ուղղութեամբ տարուող ջանքերուն։ Խորհրդաժողովին ընդգծուած է ցիրուցան նախաձեռնութիւնները միասնական, տեսանելի եւ տեւական հաւաքական գործողութեան վերածելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը։ Միաժամանակ յիշեցուած է, որ ազատ արձակումը գերիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն կրած փորձութիւններուն վերջը չի նշանակեր։ Նախկին գերիներն ու իրենց հարազատները կարիքը ունին պատշաճ ճանաչման, պաշտպանութեան եւ աջակցութեան՝ գերութեան թողած ծանր հետեւանքները յաղթահարելու համար։ Գերիներուն ազատութիւնը, անոնց իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը եւ ազատ արձակուածներուն հասարակութեան մէջ վերահամարկումը չեն կրնար միայն ընտանիքներուն ուսերուն վրայ ծանրանալ։ Այս հարցերը կը պահանջեն հաւաքական յանձնառութիւն եւ պետական պատասխանատւութիւն՝ համարժէք անոնց լրջութեան եւ տարողութեան։
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիները. միասնական ճակատ՝ անոնց ազատ արձակման եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան համար

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Nor Haratch

Elle devait être achevée en 2023. En 2026, les travaux n’ont toujours pas commencé : l’énigme de la plus grande centrale solaire d’Arménie
Nor Haratch / 51 minutes ago

2023-ին պիտի աւարտէր, 2026-ին տակաւին չէ սկսած. Հայաստանի մեծագոյն արեգակնային կայանին առեղծուածը
Nor Haratch / 1 hour ago

COP17 : le sommet des dirigeants s’achève sur l’adoption de la Déclaration d’Erevan
Nor Haratch / 1 hour ago

COP17. Ղեկավարներու վեհաժողովի աւարտին որդեգրուած է «Երեւանի հռչակագիր»-ը
Nor Haratch / 1 hour ago
Related coverage

Մասիս Ինճիճեան․ «Հայ ըլլալը ոչ միայն ինքնութիւն է, այլեւ պատասխանատուութիւն եւ առաքելութիւն»
Western Armenia TV / Oct 16

Soghomon Tehliryan heykelinin yazarı Samvel Petrosyan'a Gümri'nin fahri vatandaşı unvanı verildi
Western Armenia TV / Oct 16

Մատենադարանի հմայիլների հավաքածուն՝ միջազգային գիտական հանրության ուշադրության կենտրոնում
Western Armenia TV / Oct 16

Масис Инчичян: быть армянином-это идентичность, ответственность и миссия
Western Armenia TV / Oct 16