Նոյեմբեր 26-էն 29, Ալֆորվիլի հայ մշակոյթի տունը ձեզ կը հրաւիրէ մասնակցելու «Armen’Livres» Հայ Գիրքի 21-րդ ցուցահանդէս վաճառքին։ 📸 Այս տարի յատուկ ուշադրութեան արժանացած է « La photographie, un regard arménien» խորագրով ցուցահանդէսը, որ կը համախմբէ շուրջ տասը լուսանկարիչներու ստեղծագործութիւնները՝ լուսանկարչութեան 200-ամեակին առիթով։ ՅԱՅՏԱԳԻՐ՝ 🥂 Հինգշաբթի, 26 Նոյեմբեր Ցուցահանդէսի եւ լուսանկարչական ցուցահանդէսի պաշտօնական բացում։ 📷 Հինգշաբթի 26 եւ Ուրբաթ 27 Նոյեմբեր Դպրոցական այցելութիւններ եւ մանկավարժական աշխատանոցներ՝ նուիրուած լուսանկարչութեան, պատկերին եւ անոր ձեւափոխման։ 🎶 Ուրբաթ, 27 Նոյեմբեր — Nocturne musicale Երաժշտութեամբ, լուսանկարչութեամբ, գրականութեամբ եւ հանդիպումներով հարուստ երեկոյ մը՝ ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։ ✍️ Շաբաթ 28 եւ Կիրակի 29 Նոյեմբեր Գրական հանդիպումներ, գիրքերու ներկայացումներ, զրոյցներ շուրջ տասը հեղինակներու հետ եւ գիրքերու մակագրութեան առիթներ։ Ցուցահանդէսի չորս օրերուն ընթացքին, կրնաք գտնել եւ գնել հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն գիրքերու ճոխ ընտրանի մը՝ գրականութիւն, պատմութիւն, արուեստ, մանկապատանեկան գրականութիւն, պատկերազարդ պատմութիւններ, խոհարարութիւն եւ շատ աւելին։ Ցուցահանդէսի ամբողջ տեւողութեան, բացայայտեցէ՛ք «La photographie, un regard arménien» լուսանկարչական ցուցահանդէսը՝ յիշողութեան, ինքնութեան եւ ժամանակակից ստեղծագործութեան ընդմէջէն։
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Armen’Livres 2026 — Գիրքի 21-րդ ցուցահանդէս

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Nor Haratch

Եւ եղեւ խառնակութիւն…
Nor Haratch / 14 minutes ago

Armen’Livres 2026 — 21ᵉ édition
Nor Haratch / 3 hours ago

Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիները. միասնական ճակատ՝ անոնց ազատ արձակման եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան համար
Nor Haratch / 3 hours ago

Prisonniers arméniens détenus à Bakou : faire front commun pour leur libération et la protection de leurs droits
Nor Haratch / 3 hours ago
Related coverage

Anna Place d’origine arménienne, née à Erevan, devient la nouvelle maire de Bourg-de-Péage (Drôme)
Nouvelles d'Arménie / 8 hours ago

«Մշոյ գիրքը»․ հայ կիներու հերոսութիւնն ու ազգային յիշողութեան փրկութիւնը
Western Armenia TV / Oct 14

Bourg-lès-Valence. Débat « Arménia » sur « l’Arménie au sein de l’Union européenne : pour ou contre ? »
Nouvelles d'Arménie / Oct 14

Valence: Idjé-Val reçoit pour les hôpitaux d’Arménie du matériel médical à Valence d’Aides Actions Internationales Pompiers
Nouvelles d'Arménie / Oct 13