Ազերպայճանի ընդհանուր դատախազութիւնը Հոկտեմբեր 16-ին միջազգային հետախուզում յայտարարած է թուրք լրագրող եւ մեկնաբան Ճելալ Չիֆթչիի նկատմամբ՝ զինք մեղադրելով իշխանութիւնը բռնի գրաւելու, սահմանադրական կարգը բռնի փոխելու հրապարակային կոչեր ուղղելու եւ կրօնական ատելութիւն հրահրելու յանցանքներով։ «Şanlıurfa Olay» թերթի սիւնակագիրին դէմ բացուած քրէական գործը կապուած է Ազերպայճանի դպրոցներուն մէջ իսլամական գլխաշորի գործածութեան սահմանափակումներուն շուրջ ծագած վէճին։ Պաքուի դատախազութեան համաձայն, Սեպտեմբեր 21-ին կառավարութեան ընդունած որոշումէն ետք ընկերային ցանցերու վրայ սկսած են տարածուիլ կրօնական ծայրայեղ բովանդակութեամբ նիւթեր, որոնց մէկ մասը պատրաստուած է արհեստական բանականութեան միջոցով։ Ազերպայճանական իշխանութիւնները կը պնդեն, թէ Չիֆթչի եւս մասնակցած է նման հրապարակումներու տարածման, որոնք, ըստ քննիչներուն, կը պարունակեն իշխանութիւնը բռնի ուժով գրաւելու եւ կրօնական թշնամանք հրահրելու կոչեր։ Դատախազութիւնը յայտնած է նաեւ, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ուղղուած են դատական փոխօգնութեան դիմումներ՝ հետաքննութեան ծիրին մէջ անհրաժեշտ գործողութիւնները կատարելու նպատակով։ Աւելի ուշ, Չիֆթչի ընկերային ցանցերու միջոցով ներողութիւն խնդրած է Ազերպայճանի պետութենէն եւ ժողովուրդէն՝ իր արտայայտութիւններուն պատճառած դժգոհութեան համար։ Սակայն ան մերժած է իրեն ուղղուած մեղադրանքները՝ հաւաստելով, թէ երբեք նպատակ չէ ունեցած բռնութեան կոչ ուղղելու, միջամտելու Ազերպայճանի ներքին գործերուն կամ կրօնական ատելութիւն սերմանելու։