Հայաստանի կառավարութիւնը 15 Հոկտեմբերին կայացած նիստին որոշած է Գանատայի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան կից ռազմական կցորդ նշանակել։ Պաշտօնը պիտի համատեղուի Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպանութեան կից ռազմական կցորդի պաշտօնին հետ։ Հայաստան եւ Գանատա արդիւնաւէտ գործակցութիւն կը ծաւալեն երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով։ Պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը կրնայ ընդգրկել խաղաղապահ առաքելութիւններու, զինուորական պատրաստութեան, ռազմական կրթութեան, զինուած ուժերու քաղաքացիական վերահսկողութեան եւ հակափտածութեան միջոցառումներու վերաբերող փորձառութեան փոխանակում։ Երեւան կարեւոր կը նկատէ Գանատայի հետ երկկողմանի գործակցութեան հետեւողական զարգացումն ու ընդլայնումը՝ զայն նկատելով Հայաստանի եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ կարեւոր կամուրջ մը։