Թուրքիոյ Արտաքին գործոց փոխնախարար. «Անգարա Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ գործնական քայլեր առած է» Հոկտեմբեր 14-ին, Պոլսոյ մէջ, ինը տարուան ընդմիջումէ ետք պաշտօնական ընդունելութեամբ մը նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակը։ Հանդիսութիւնը կազմակերպած է Սեւծովեան տնտեսական գործակցութեան կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը՝ Նայիրի Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ։ Յատկանշական է, որ առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիա այս հանդիսութեան ներկայացուած է Արտաքին գործոց փոխնախարարի մակարդակով։ Արդարեւ, հանդիսութեան մասնակցած են փոխնախարար Պերրիս Էքինճի, հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման գծով Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ, Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան, Յունաց Տիեզերական պատրիարք Բարթուղիմէոս, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքի եւ դիւանագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներ։ Ընդունելութեան ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ Պերրիս Էքինճի յայտարարած է, թէ Թուրքիա Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ գործնական քայլեր առած է փոխադրութեան, ուժանիւթի, մշակոյթի եւ ուղղակի առեւտուրի վերականգնման մարզերուն մէջ։ “Այս բոլոր քայլերը ամուր հիմքեր կու տան մեր տարածաշրջանի ապագային մեծ յոյսով եւ լաւատեսութեամբ նայելու”, – նշած է թուրք փոխնախարարը՝ ընդգծելով, որ Անգարա կը շարունակէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ամբողջական բնականոնացման գործընթացը։ Էքինճի կարեւոր նկատած է նաեւ վերջին շրջանին երկու երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու փոխադարձ այցելութիւններու աշխուժացումը, որ ըստ իրեն՝ նպաստած է երկխօսութեան ամրապնդման եւ փոխադարձ հասկացողութեան զարգացման։ Ան հաւաստած է, թէ Թուրքիա պիտի շարունակէ զօրակցիլ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման եւ յարաբերութիւններու բնականոնացման ջանքերուն։
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Պոլսոյ մէջ նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակը

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Nor Haratch

Le vol « interdit » du président israélien ravive les tensions entre Ankara et Bakou
Nor Haratch / 25 minutes ago

Leonardo DiCaprio salue une initiative internationale portée par l’Arménie pour sauver les espèces menacées
Nor Haratch / 33 minutes ago

Իսրայէլի նախագահին «արգիլուած թռիչքը» նոր լարում յառաջացուցած է Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ
Nor Haratch / 35 minutes ago

Լէոնարտօ Տի Գափրիօ կ՚ողջունէ Հայաստանի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած միջազգային համախմբումը
Nor Haratch / 45 minutes ago
Related coverage

Arménie – Azerbaïdjan : Des échanges de territoires ?
Nouvelles d'Arménie / 9 hours ago

Արևմտյան Հայաստանի Հանրապետության նախագահ, Արմատ 2026 նախագծի ղեկավար ԱՐՄԵՆԱԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ խոսքը
Western Armenia TV / Oct 16

COP17 : Ouverture du sommet des dirigeants
Nouvelles d'Arménie / Oct 16

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան խօսնակի ելոյթը
Western Armenia TV / Oct 14