Երեւանի մէջ այսօր՝ Հոկտեմբեր 16-ին, իր աշխատանքներուն սկսաւ Կենսաբազմազանութեան մասին ՄԱԿ-ի համաձայնագրի մասնակից երկիրներու 17-րդ համաժողովին (COP17) ընդառաջ կազմակերպուած ղեկավարներու վեհաժողովը, որուն մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած են բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Վեհաժողովին ներկայ են աւելի քան տասնեակ մը երկիրներու ղեկավարներ, որոնց շարքին՝ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան, Ղազախստանի նախագահ Քասըմ-Ժոմարթ Թոքաեւ, Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ եւ Ափրիկէի շարք մը երկիրներու առաջնորդներ։ Վեհաժողովին կը մասնակցի նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշ։ Թուրքիան ներկայացուած է Երկրագործութեան նախարարի մակարդակով։ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Ռոբերտ Աբիսողոմոնեանի համաձայն, թուրք նախարարը հանդիպումներ պիտի ունենայ վեհաժողովին մասնակցող ղեկավարներու հետ։ Իրանի նախագահին ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէ նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի, որ սակայն չէ պատասխանած լրագրողներու հարցումներուն։ Վեհաժողովին լիագումար նիստը բանալով՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է երկրին համար կենսաբազմազանութեան կենսական նշանակութեան՝ յիշեցնելով 1990-ականներու տնտեսական ծանր տարիները, երբ Սեւանայ լիճին ձկնապաշարները կարեւոր դեր ունեցած էին բնակչութեան սնունդի ապահովման մէջ։ “1990-ականներու սկիզբը, երբ ներածման եւ արտադրութեան շղթաները խզուած էին, եւ Հայաստանի մէջ առօրեայ սնունդի խնդիր կար, Սեւանայ լիճին ձկնապաշարները օգնութեան հասան մեզի։ Առանց չափազանցութեան՝ քանի մը տարի Սեւանի սիգը Հայաստանի բնակչութիւնը սնուցանող գլխաւոր մթերքը եղած է, ինչ որ, իր կարգին, սպառման եզրին հասցուցած էր լիճին ձկնապաշարները”,– ըսած է Փաշինեան։ Իր կարգին, Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է տարածաշրջանի զինուորական գործողութիւններուն բնապահական հետեւանքներուն։ Ան յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ իր բնորոշումով՝ «սիոնական վարչակարգ»-ին նախաձեռնած պատերազմը լուրջ սպառնալիք կը ներկայացնէ բնապահական համակարգերուն՝ ուժանիւթի արտադրութեան կայաններու կործանման, հրդեհներու եւ ապականող նիւթերու արտանետման հետեւանքով։ “Ասիկա զուտ ներքին խնդիր մը չէ, որ սահմանափակուի մէկ երկրի սահմաններով. բնութիւնը քաղաքական սահմաններ չի ճանչնար”,– շեշտած է Իրանի նախագահը։ Կենսաբազմազանութեան մասին ՄԱԿ-ի համաձայնագիրը բնապահութեան վերաբերող երեք գլխաւոր միջազգային համաձայնագրերէն մէկն է։ Անոր նպատակն է նպաստել կենսաբազմազանութեան պահպանման ու վերականգնման, ինչպէս նաեւ բնութեան պաշարներու կայուն օգտագործման ուղղութեամբ միջազգային ջանքերուն։ Համաձայնագրի մասնակից երկիրներուն համաժողովը կը գումարուի երկու տարին անգամ մը։
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Երեւանի մէջ բացուեցաւ COP17-ի ղեկավարներու վեհաժողովը

More from Nor Haratch

Armen’Livres 2026 — Գիրքի 21-րդ ցուցահանդէս
Nor Haratch / 2 hours ago

Armen’Livres 2026 — 21ᵉ édition
Nor Haratch / 2 hours ago

Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիները. միասնական ճակատ՝ անոնց ազատ արձակման եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան համար
Nor Haratch / 2 hours ago

Prisonniers arméniens détenus à Bakou : faire front commun pour leur libération et la protection de leurs droits
Nor Haratch / 2 hours ago
Related coverage

Nouvelles perturbations d’accès aux sites web officiels des institutions étatiques en Azerbaïdjan
Nouvelles d'Arménie / 7 hours ago

Le secteur minier devrait être un pionnier dans le développement d’institutions d’actionnariat ouvert en Arménie affirme Nikol Pachinian
Nouvelles d'Arménie / 8 hours ago

Le Premier ministre arménien et le président kirghize signent à Erevan une déclaration conjointe entre l’Arménie et la Kirghizie
Nouvelles d'Arménie / 8 hours ago

« 10 milliards de dollars en perspective » : Les hommes d’affaires de Diyarbakir attendent l’ouverture de la frontière arméno-turque
Nouvelles d'Arménie / 8 hours ago