Ֆրանսահայ երգահան եւ խմբավար Կարպիս Ափրիկեանի ծննդեան հարիւրամեակը պիտի նշուի յատուկ համերգով մը, այսօր՝ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16-ին, Փարիզի «Գորթօ» սրահին մէջ։ 2024-ին մահացած երաժիշտը Հոկտեմբեր 6-ին պիտի բոլորէր իր ծննդեան 100-ամեակը։ 1926-ին Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքը ծնած Կարպիս Ափրիկեան մեծցած է տեղւոյն հայկական համայնքի ծոցին մէջ եւ վաղ տարիքէն նուիրուած երաժշտութեան։ Իր ծննդավայրին մէջ հայկական երգչախումբ մը հիմնելէ եւ ղեկավարելէ ետք, 1953-ին հաստատուած է Փարիզ՝ ուսումը շարունակելու Երաժշտութեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ (École normale de musique)։ Ան հետեւած է նաեւ նշանաւոր երգահան Օլիվիէ Մեսիանի դասընթացքներուն՝ Փարիզի երաժշտանոցին մէջ։ Նոյն տարին Ափրիկեան ստանձնած է «Սիփան-Կոմիտաս» միացեալ հայկական երգչախումբերուն ղեկավարութիւնը՝ տասնամեակներ շարունակ իր անունը կապելով անոնց գործունէութեան։ Իր ղեկավարութեամբ՝ Կոմիտասի եւ հայ այլ երգահաններու ստեղծագործութիւնները լայն ճանաչում գտած են Ֆրանսայի մէջ։ Ափրիկեանի սեփական ստեղծագործութիւններն ալ կը կրեն հայկական երաժշտական ժառանգութեան խոր դրոշմը։ Ան յաջողած է հայկական ժողովրդական երաժշտութեան աւանդութիւններն ու արեւմտեան արդի երաժշտութեան արտայայտչաձեւերը ներդաշնակել՝ ստեղծելով ինքնուրոյն երաժշտական աշխարհ մը։ Ափրիկեանի ստեղծագործութիւններուն նուիրուած յայտագիր Յիշատակի համերգին հանդէս պիտի գան մեցցօ-սոփրանօ Էվա Զայչիք, ջութակահար Դաւիթ Յարութիւնեան եւ դաշնակահարուհի Քսենիա Մալիարեւիչ, որոնք արդէն միասին աշխատած են Ափրիկեանի ստեղծագործութիւններուն նուիրուած «Մայրիկ» երաժշտական ծրագրին վրայ։ Յայտագիրը պիտի ընդգրկէ երգահանին «Հայկական գիշերներ», «Աբեղան» եւ «Հարսանեկան փոքրիկ սուիթ» ստեղծագործութիւններէն հատուածներ, ինչպէս նաեւ Կոմիտասի եւ Յակոբ Աղաբաբի գործեր։ Երեկոյթին ելոյթ պիտի ունենան նաեւ երիտասարդ երաժիշտներ։ Ափրիկեանի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով հաստատուած կրթաթոշակի դափնեկիրներ Քրիսթիան Մոնթի եւ Միա Մալեզիա պիտի ներկայացնեն «Սասունցի Դաւիթի ծնունդը» ստեղծագործութենէն իրենց մշակած հատուածները՝ պաս երգիչ Սթանիսլաս տը լա Վերնյի մասնակցութեամբ։ Կարպիս Ափրիկեան մահացած է 2024 Հոկտեմբեր 15-ին, 98 տարեկանին։ Մահէն քանի մը շաբաթ առաջ ան արժանացած էր Փարիզի քաղաքապետութեան «Կռան Վերմէյլ» բարձրագոյն շքանշանին՝ ի գնահատութիւն իր երկարամեայ երաժշտական վաստակին։ Փարիզի 9-րդ թաղամասին մէջ հրապարակ մը այժմ կը կրէ անունը անուանի երաժիշտին, որ իր կեանքին մեծագոյն մասը նուիրած էր Ֆրանսայի մէջ հայկական երաժշտութեան տարածման եւ արժեւորման։
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Փարիզի մէջ համերգ՝ Կարպիս Ափրիկեանի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Nor Haratch

Elle devait être achevée en 2023. En 2026, les travaux n’ont toujours pas commencé : l’énigme de la plus grande centrale solaire d’Arménie
Nor Haratch / 5 hours ago

2023-ին պիտի աւարտէր, 2026-ին տակաւին չէ սկսած. Հայաստանի մեծագոյն արեգակնային կայանին առեղծուածը
Nor Haratch / 5 hours ago

COP17 : le sommet des dirigeants s’achève sur l’adoption de la Déclaration d’Erevan
Nor Haratch / 5 hours ago

COP17. Ղեկավարներու վեհաժողովի աւարտին որդեգրուած է «Երեւանի հռչակագիր»-ը
Nor Haratch / 5 hours ago
Related coverage

L’appel de Robert Guédiguian en faveur de Jean-Luc Mélenchon
Nouvelles d'Arménie / Oct 15

Kıbrıs Bizans Müzesi'ndeki Ermeni manevi mirası
Western Armenia TV / Oct 13

Nikol Pashinyan tourne une vidéo devant une fontaine musicale diffusant une chanson azerbaïdjanaise
Nouvelles d'Arménie / Oct 9

Anzor Chubinidze, l’inamovible cerbère de Bidzina Ivanishvili dans un appareil sécuritaire bouleversé
Nouvelles d'Arménie / Oct 9