Իր հերթական համերգներու շարքին, Աթէնքի պետական նուագախումբը այսօր՝ Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբերին, կը ներկայացնէ իւրայատուկ ելոյթ մը՝ «Ուշ գիշեր նուագախումբին հետ» խորագիրով։ Այս նախաձեռնութիւնը սկիզբ առած է անցեալ տարի եւ յաջողութեամբ կը շարունակուի այս տարեշրջանին եւս։ Համերգի յայտագիրին մաս կը կազմեն աշխարհի տարբեր երկիրներու յօրինողներու դասական ստեղծագործութիւններ, որոնց շարքին՝ հայ անուանի երգահան Ալեքսանդր Յարութիւնեանի (1920-2012)՝ շեփորի եւ նուագախումբի համար գրուած ստեղծագործութիւնը։ Նուագախումբը պիտի ղեկավարէ յոյն հանրածանօթ խմբավար Փանայոթիս Տիամանթիս։ Ինչպէս խմբավարը յայտնած է դասական երաժշտութեան նուիրուած ձայնասփիւռային հաղորդումի մը ընթացքին, Ա. Յարութիւնեանի ստեղծագործութիւնը շուրջ քսան տարի առաջ եւս կատարուած է նոյն նուագախումբին կողմէ՝ դրական տպաւորութիւն ձգելով ունկնդիրներուն վրայ։ Այս անգամ Աթէնքի պետական նուագախումբը կը վերադառնայ հայ երգահանի ստեղծագործութեան՝ զայն նոր մեկնաբանութեամբ ներկայացնելու եւ երաժշտասէր հասարակութեան ծանօթացնելու նպատակով։ Համերգը պիտի սկսի գիշերուան ժամը 10-ին, Աթէնքի համերգասրահի «Խրիսթոս Լամպրաքիս» սրահին մէջ։ The post Հայկական դասական երաժշտութիւնը Աթէնքի համերգասրահին մէջ appeared first on Azat Or .
Translate this article
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Arts
Հայկական դասական երաժշտութիւնը Աթէնքի համերգասրահին մէջ

Comments
Sign in to join the conversation.
No comments yet — be the first to comment.




