Համազգայինի Գեմպրիճի «Տաթեւ» մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Թորոնթոյի Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի «Ճորճ Սարգիսեան» թատերախումբը հրաւիրուած էր ներկայացնելու «Սէրը կը յաղթէ» թատերգութիւնը՝ բեմադրութեամբ Սեդա Քէշիշեանի եւ օգնական բեմադրիչ Տիգրան Քէպապճեանի։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ կիրակի, 27 սեպտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Քիչընըրի հանրային գրադարանի թատերասրահին մէջ։ Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Ալին Թաթարեան, որ բարի վայելում մաղթեց ներկաներուն […] The post Գեմպրիճի մէջ ներկայացուեցաւ «Սէրը կը յաղթէ» թատերգութիւնը first appeared on Horizon Weekly .