Կան ձեռնարկներ, որոնք անհամբերութեամբ կը սպասուին հալէպահայ երիտասարդներու ու պատանիներու մեծամասնութեան կողմէ: Անոնցմէ մէկը Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան կազմակերպած տարեկան քերմէսն է։ Այս տարի եւս 9-11 Հոկտեմբեր 2026-ին, ԱՔԵՃ-ի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած քերմէսը, իր շուրջ համախմբելով ճեմարանական ընտանիքը՝ դպրոցականներ ու հոծ բազմութիւն: Այս տարի քերմէսը իւրայատուկ շունչ ունէր, որովհետեւ կը կեդրոնանար «քաղաքներ»-ու նիւթին վրայ։ Զարդարանքն ու տաղաւարները ստեղծած էին աշխարհի տարբեր քաղաքներու պատկերը։ Շուրջ 120 շրջանաւարտ մասնակցեցաւ քերմէսի պատրաստութեան աշխատանքներուն։ Քերմէսէն առաջ տեղի ունեցած միութեան տարեկան բանակումը մեծ դեր ունեցաւ շրջանաւարտներու պատրաստակամութիւնը ամրապնդելու մէջ, անոնք խանդավառութեամբ վերադարձան բանակումէն եւ լծուեցան աշխատանքի։ Քերմէսի ամէնէն աշխոյժ անկիւնը, անկասկած, խաղերու բաժինն էր, որ տարիքային դրութեամբ բաժնուած էր։ Խաղերու բազմազանութեան նպատակն էր գոհացնել բոլոր տարիքի փոքրերու եւ պատանիներու հետաքրքրութիւնները։ Խաղերու տաղաւարներու կողքին կար նաեւ Տիկնաց Յանձնախումբի տաղաւարը, ուր ներկայացուած էին բազմապիսի համեղ, սիրով ու հոգատարութեամբ պատրաստուած ճաշատեսակներ։ Առանձնայատուկ տեղ գրաւած էր նաեւ լուսանկարուելու տաղաւարը, որ ձեւաւորուած էր տարբեր քաղաքներու ոճով։ Կային նաեւ վաճառքի սեղաններ եւ ծանուցումներ։ Քերմէսի ամէնէն հաճելի պահերէն մէկը եղաւ Արփիկ Վարդապետեանի ելոյթը, երբ ան բարձրացաւ բեմ եւ ներկայացուց մանկական զուարճալի երգեր։ Քերմէսի յայտագիրին մաս կազմեց նաեւ միութեան գեղարուեստական պարախումբը. խումբ մը աշակերտներ քանի մը պարերով ճոխացուցին մթնոլորտը։ Ռատիօ ժամէն հնչած զանազան երգերն ու երաժշտութիւնը յատուկ աշխուժութիւն հաղորդեցին օրուան յայտագիրին եւ խանդավառեցին այցելուները: Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան գլխաւոր առաքելութիւնն է բարոյական ու նիւթական անվերապահ օժանդակութիւն բերել մայր կրթօջախին՝ Ճեմարանին, որպէսզի ան շարունակէ իր հայեցի ու որակեալ դաստիարակութեան նուիրական գործը։ Արշի Տիլպէրեան The post ԱԶԳ. ՔԱՐԷՆ ԵՓՓէ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋ. ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՔԵՐՄԷՍԸ appeared first on Գանձասար .
Translate this article
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Education
ԱԶԳ. ՔԱՐԷՆ ԵՓՓէ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋ. ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՔԵՐՄԷՍԸ

More from Kantsasar (Gandzasar)

ՄԱՐԶԱԿԱՆ՝ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ Գ./2026
Kantsasar (Gandzasar) / 3 hours ago

ԽՃԱՆԿԱՐ՝ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ Գ./2026
Kantsasar (Gandzasar) / 3 hours ago

ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՐԷՆ ԵՓՓԷ ՃԵՄԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ
Kantsasar (Gandzasar) / Oct 16

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՊԱԾ ԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԻՆ ՀԵՏ
Kantsasar (Gandzasar) / Oct 16
Related coverage
No related coverage from other sources yet.