ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշ յոյս յայտնած է, որ Հայաստան ու Ատրպէյճան շուտով կը ստորագրեն խաղաղութեան պայմանագիրը եւ կը կատարեն այդ համաձայնագրով ստանձնած իրենց բոլոր պարտաւորութիւնները։ «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ ՄԱԿ-ի ղեկավարը այս մասին յայտարարած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ասուլիսի ընթացքին՝ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, թէ որքանո՞վ ամուր է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը, եթէ Ատրպէյճան կը հրաժարի վերադարձնել հայ գերիները։ «Ես խաղաղութեան համաձայնագրի մեծ աջակից եմ։ Կը յուսամ, որ խաղաղութեան համաձայնագրին մէջ արձանագրուած բոլոր կէտերը կը գործադրուին։ Ցաւով կը վերաբերիմ գերիներուն եւ միւս հարցերուն։ Յոյս ունիմ, որ բոլոր հարցերը արագ կը լուծուին»,– ըսած է Կութերէշ։ The post ԿՈՒԹԵՐԷՇ ՅՈՅՍ ՅԱՅՏՆԱԾ Է, ՈՐ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՊԱՀՈՒՈՂ ՀԱՅ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՀԱՐՑԸ ԿԸ ԼՈՒԾՈՒԻ appeared first on Գանձասար .