Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը Երկուշաբթի, 12 Հոկտեմբերին կառավարութեան նախաձեռնութեամբ հրաւիրած արտակարգ նիստի ընթացքին, վաւերացուց 19-30 Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Կենսաբազմազանութեան մասին հռչակագիրի կողմերու 17-րդ խորհրդաժողովի՝ ՔՈՓ17-ի կազմակերպման վերաբերեալ համաձայնագիրը: Ըստ համաձայնագիրին, Հայաստանի կառավարութիւնը շուրջ 2 միլիոն 166 հազար տոլար յատկացուցած է Երեւանի մէջ ՔՈՓ17-ի գումարման համար: Ազգային ժողովին մէջ արտաքին գործոց փոխնախարար Ռոպերթ Աբիսողոմեան լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ ՔՈՓ17-ի համար բոլոր գնումները կը կատարուին ՄԱԿ-ի սահմանած արժեչափերով, եւ որ խորհրդաժողովը հիւրընկալող Հայաստանը չի կրնար այդ արժեչափերէն շեղիլ: The post ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ՔՈՓ17-Ի ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ appeared first on Գանձասար .