Նոր գործատունը երկրին մէջ առաջին անգամ պիտի արտադրէ արեւմտեան չափանիշով M-4 տիպի հրացաններ Իսրայէլեան ARI Arms ընկերութիւնը սկսած է զէնք արտադրել Ազերպայճանի մէջ։ Ընկերութեան համաձայն՝ Հոկտեմբերի սկիզբը տեղի ունեցած գործատան բացման ներկայ գտնուած է նաեւ նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Գործատունը կը պատկանի Պաքուին եւ ստեղծուած է Ազերպայճանի ու Իսրայէլի պաշտպանական գերատեսչութիւններու համատեղ ձեռնարկութեամբ։ Ան երկրին մէջ առաջինն է, որ պիտի արտադրէ արեւմտեան չափանիշով AR-15 հէնքով OR-4 (M-4 տիպի) հրացաններ։ «ADEX» ցուցահանդէսին ընթացքին տեղական արտադրութեան առաջին հրացանը ներկայացուած է Իլհամ Ալիեւին եւ փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւային։ ARI Arms յայտնած է, որ ինք կը տրամադրէ անհրաժեշտ արտադրական գիտելիքն ու փորձը՝ Ազերպայճանի մէջ արեւմտեան չափանիշերուն համապատասխան տեղական արտադրութիւն հաստատելու համար։ Գործատան բացումը նոր քայլ մըն է Ազերպայճան-Իսրայէլ պաշտպանական սերտ կապերուն մէջ։ Երկու երկիրներուն գործակցութիւնը կը շարունակուի նաեւ ուժանիւթի մարզին մէջ․ 2025 Յունիսին ազերպայճանական պետական SOCAR ընկերութիւնը շուրջ 1,25 միլիառ տոլարի գնած էր Իսրայէլի մեծագոյն կազի հանքավայրերէն Թամարի 10 առ հարիւր բաժինը։ ARI Arms նախապէս գործակցած է նաեւ Փիլիպպեաններու եւ Հայաստանի հետ։ Ընկերութիւնը 2025-ին շահած էր իսրայէլեան բանակի մատակարարման մրցոյթ մը։ Մինչ այդ, սակայն, «Haaretz»-ի կատարած հետաքննութենէն պարզուած էր, որ ընկերութիւնը զէնքի արտադրութեան մարզին մէջ սահմանափակ փորձ ունէր եւ նախապէս գլխաւորաբար զբաղած էր մետաղի ու կերպընկալի մշակմամբ։
5 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day
Ազերպայճանի մէջ սկսած է իսրայէլեան զէնքի առաջին գործատան արտադրութիւնը
Նոր գործատունը երկրին մէջ առաջին անգամ պիտի արտադրէ արեւմտեան չափանիշով M-4 տիպի հրացաններ Իսրայէլեան ARI...

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Nor Haratch
À Erevan, l’UFAR consacre un colloque aux liens entre biodiversité, entreprises et droits humains
Nor Haratch / Oct 14
À la Porte Dorée, Fred Nevché remonte le fil de l’exil arménien
Nor Haratch / Oct 14

Hayk Olivier Chahbazian nommé commissaire aux affaires de la diaspora en Île-de-France
Nor Haratch / Oct 13

La première usine d’armement israélienne en Azerbaïdjan entre en production
Nor Haratch / Oct 13
Related coverage

L’Allemagne et la la Turquie s’engagent à renforcer leurs liens économiques
Nouvelles d'Arménie / Oct 1

En Arménie, ce couple a imaginé un mariage cinématographique, ponctué de clins d’œil à la France et à Charles Aznavour
Nouvelles d'Arménie / Sep 29

Turquie: les fonds d’investissement face à une crise majeure
Nouvelles d'Arménie / Sep 28

Parallèlement au TRIPP, l’Union européenne investit massivement dans le Syunik
Nouvelles d'Arménie / Sep 27