Ազգի փրկութեան այս երկու երաշխիքներէն որեւէ մէկուն դէմ կատարուող ոտնձգութիւն ուրեմն ըստ էութեան ազգի հիմնական յենասիւներէն մէկը հարուածելու կը միտի եւ ազգի շարունակականութեան երթը խափանելու հետեւանք կ՛ունենայ: Իսկ այժմեան ընկալումով հակասահմանադրական արարք կը նկատուի, բացառիկ պատմական առաքելութիւն կուտակած այս հաստատութեան դէմ կատարուող յարձակումը, միջամտութիւնը, բարենորոգելու անուան տակ, հպատակեցումը: