ՏԵՂԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ – ՀՄԸՄ-ի պասքեթի աղջկանց խումբի նախկին խաղցող Լիլիթ Սարգիսեան, որ վերջին տարեշրջանին մաս կազմեց Ճալաաին, մէկ տարուան պայմանագրով միացաւ Սուրիոյ ախոյեան Դամասկոսի Ուահտէ խումբին: Վերջին տարիներուն Լիլիթ ներկայացաւ բարձրորակ մակարդակի խաղարկութեամբ եւ կրցաւ ինքզինք պարտադրել որպէս Սուրիոյ լաւագոյն բարձրահասակ խաղցող, որուն շնորհիւ ան մաս կազմեց Սուրիոյ աղջկանց հաւաքականին: – ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբի նախկին խաղցող Յովիկ Քլզի որ վերջին տարեշրջանին ներկայացաւ Հալէպի ոստիկանական խումբին հետ, մէկ տարուան պայմանագրով միացաւ Հալէպի Ճալաաին, իսկ ՀՄԸՄ-ի աղջկանց 18 եւ վար տարիքի խումբի մարզուհի Մաթիա Զգոյշեանը տեղափոխուեցաւ Ճալաա: ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ԱԼԻՆԱ ՉԱՐԱՅԵՒԱ ՅԱՂԹԵՑ ԱՇԽԱՐՀԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆԻՆ Աշխարհի 118-րդ մարզուհի, Հայաստանի ներկայացուցիչ Ալինա Չարայեւա Փեքինի մէջ տեղի ունեցած WTA (Կանանց Թենիսի Ընկերակցութիւն)-1000 մրցաշարքի երկրորդ շրջանին անակնկալ յաղթանակ տարաւ աշխարհի առաջին դիրքը գրաւող Էլենա Ռիբակինայի նկատմամբ: Չարայեւա, պարտուելով առաջին փուլը 3 – 6 արդիւնքով, կրցաւ փոխել խաղին ընթացքը եւ յաջորդ երկու բաժինները յաղթեց 6 – 4, 6 – 3 արդիւնքով։ Հանդիպումը տեւեց 2 ժամ, 12 վայրկեան: Չարայեւա կատարեց 6 «էյս» (անպատասխան հարուած), 3 կրկնակի սխալ գործեց եւ 8 «Պրէյք-փոյնթ»-էն (մրցակիցին սպասարկումը շահելու կէտ) 5-ը իրականացուց։ Այս յաղթանակով Չարայեւա հասաւ մրցաշարքի երրորդ փուլ, ուր մրցակից ունեցաւ անգլիացի Սոնայ Քարթալը: ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔՐԻՍՏԻԱՆՕ ՌՈՆԱԼՏՕ ԼՔԵՑ ՓՈՐԹՈՒԿԱԼԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻ ՄԱՐԶՈՒՄՆԵՐԸ Փորթուկալի հաւաքականի յարձակողական խաղցող Քրիստիանօ Ռոնալտօ հաւաքականի մարզիչին հետ տարակարծութիւն ունենալուն հետեւանքով լքեց հաւաքականի մարզումները եւ վերադարձաւ Մատրիտ: Ըստ փորթուկալեան Record թերթին, Ռոնալտօ որոշած է լքել հաւաքականի մարզումները, որովհետեւ ան 90 վայրկեան մնաց պահեստի խաղցողներու նստարանին վրայ եւ մաս չկազմեց Դանիոյ հաւաքականին դէմ կայացած հանդիպումին: Ըստ թերթին, Ռոնալտոյի հետ հեռացած է նաեւ մարզական խմբակի անդամ Անթոնիօ Քոսթան: Նախքան մեկնիլը, Ռոնալտօ վիճաբանած է հաւաքականի մարզիչ Ճորճի Ճիսոսի հետ: Ըստ վերջին տեղեկութիւններուն, Ճիսոս իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է նիստ մը գումարելու Ռոնալտոյի հետ եւ վերջ տալու բոլոր հարցերուն: Ռաֆֆի Սիւլահեան The post ՄԱՐԶԱԿԱՆ՝ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ Բ./2026 appeared first on Գանձասար .