Թրքական ռազմական արդիւնաբերութեան «Boğaziçi Savunma» ընկերութեան ազերպայճանական մասնաճիւղը պաշտօնապէս լուծարման գործընթացի մէջ մտած է։ Հոկտեմբեր 4-ին հրապարակուած պաշտօնական ծանուցումով պարտատէրերուն երկու ամիս պայմանաժամ տրուած է իրենց պահանջները ներկայացնելու համար։ Լուծարման պատճառը չէ յայտարարուած։ Ժամանակագրութիւնը, սակայն, ուշագրաւ է։ Ընդամէնը քանի մը օր առաջ՝ Պաքուի «ADEX-2026» պաշտպանական ցուցահանդէսին, թրքական ընկերութիւններ Ազերպայճանի հետ ստորագրած էին 500 միլիոն տոլարը գերազանցող համաձայնագրեր։ Աւելին՝ նոյն «Boğaziçi Savunma»-ն ազերպայճանական կողմին հետ ստորագրած էր տեղական արտադրութեան եւ գործընկերութեան համաձայնագիր, իսկ «NOVASIS»-ի հետ՝ RF (Radio-fréquences) համակարգերու զարգացման յուշագիր։ Հետեւաբար մասնաճիւղին լուծարումը ինքնին դեռ չի նշանակեր ընկերութեան՝ Ազերպայճանէն հեռացումը։ Բայց այս զարգացումը կը պատահի այնպիսի պահու մը, երբ Անգարա-Պաքու յարաբերութիւններուն շուրջ արտասովոր լարում մը նկատելի դարձած է։ Թուրքիոյ մէջ քննադատութիւններ հնչած էին նախ՝ ՄԱԿ-ի մէջ Նեթանիահուի ելոյթին ընթացքին՝ ազերպայճանական պատուիրակութեան դահլիճը չլքելուն, ապա՝ Ազերպայճանի դպրոցներուն մէջ գլխաշոր կրող աշակերտուհիներու նկատմամբ սահմանափակումներու մասին տեղեկութիւններուն պատճառով։ Հոկտեմբեր 3-ին Պոլսոյ ազերպայճանական հիւպատոսարանին առջեւ նոյնիսկ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցած է գլխաշորի հարցով։ Լարումին վրայ նոր շերտ մը աւելցուցած է Իլհամ Ալիեւի Հոկտեմբեր 2-ի ելոյթը։ Ան յայտարարած է, թէ Ազերպայճան ոչ մէկուն օգնութեան կամ հովանաւորութեան կարիքը ունի եւ իր բոլոր զէնքերը, «մինչեւ վերջին փամփուշտը», գնած է սեփական դրամով՝ երբեմն նոյնիսկ համաշխարհային գիներէն քանի մը անգամ աւելի վճարելով։ Ան նաեւ պահանջած է, որ ուրիշներ «իրենց տեղը գիտնան» եւ չմիջամտեն իր երկրին ներքին գործերուն։ Թէեւ Ալիեւ անունով չէ նշած Թուրքիան, սակայն անոր խօսքերը բուռն հակադարձութեան արժանացած են թրքական հանրային դաշտին մէջ, ուր մեկնաբանները անմիջապէս Ալիեւի յիշողութեան յանձնած են Անգարայի քաղաքական եւ ռազմական աջակցութիւնը 2020-ի Արցախեան պատերազմին։ Եւ ահա ճիշդ այս «տաք» մթնոլորտին մէջ թրքական ռազմական արհեստագիտութեան ընկերութեան ազերպայճանական մասնաճիւղը լուծարման գործընթացի մէջ կը մտնէ։ Քաղաքակա՞ն դրդապատճառ, թէ՞ պարզապէս ընկերութեան վերակազմակերպում եւ տեղական արտադրութեան նոր ձեւաչափ։ Առայժմ փաստուած կապ չկայ։ Ուստի՝ զուգադիպութի՞ւն, թէ՞… ■
5 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day
Զուգադիպութի՞ւն, թէ՞…
Թրքական ռազմական արդիւնաբերութեան «Boğaziçi Savunma» ընկերութեան ազերպայճանական մասնաճիւղը պաշտօնապէս լուծարման գործընթացի մէջ մտած է։ Հոկտեմբեր...

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Nor Haratch
Related coverage

Nous adhérons pleinement à la devise « deux États, une nation » avec l’Azerbaïdjan
Nouvelles d'Arménie / 2 hours ago

Entre Moscou et Bruxelles, la soif de paix de la population arménienne
Nouvelles d'Arménie / 2 hours ago

L’intervention de Marina Mesure (LFI) au Parlement européen le 8 octobre
Nouvelles d'Arménie / 6 hours ago

Le PKK reproche à Ankara son inaction et dit avoir retiré ses combattants de Turquie
Nouvelles d'Arménie / Oct 8

