«Amazon» ընկերութիւնը պատրաստ է Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու, եթէ ապահովուի ընկերութեան համար անհրաժեշտ՝ 24-ժամ/24 անխափան ու կայուն ելեկտրամատակարարում։ Այս մասին «Ինֆոքոմ»-ին տուած իր հարցազրոյցին յայտարարած է վարչապետ Փաշինեան՝ վկայակոչելով Բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարարէն ստացուած նամակ մը։ “«Amazon»-ը պատրաստ է Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու, բայց անոր 1000 մեկավաթ հզօրութեամբ կայան մը պէտք է։ Կ՚ըսուի՝ եթէ դուք վստահեցնէք, որ 1000 մեկավաթնոց կայան պիտի ըլլայ, մենք Հայաստանի մէջ համապատասխան ծաւալի ներդրումներ կ՚ընենք” ,– նշած է վարչապետը։ Ան չէ յստակացուցած հաւանական ներդրումներուն ծաւալը, ծրագրին բնոյթը կամ իրագործման թուականները։ Փաշինեան մանրամասնած է, որ ընկերութեան անհրաժեշտ է անընդհատ ու կայուն ուժանիւթի մատակարարում։ Այս ծիրէն ներս ան խօսած է հիւլէակայանի, ուժանիւթի կուտակիչներու եւ հողմակայաններու (քամիի ուժով աշխատող կայաններ) անհրաժեշտութեան մասին։ Վարչապետին համաձայն՝ Հայաստանի մէջ արհեստական բանականութեան մարզէն ներս արդէն իսկ հաստատուած ծրագրերուն ուժանիւթի պահանջքը կը գերազանցէ երկրին ներկայ կարողութիւնները։ Ան այս նոր ներդրումային ծրագրերով բացատրած է աւելի մեծ հզօրութեամբ հիւլէակայան մը կառուցելու նկատմամբ կառավարութեան աճող հետաքրքրութիւնը։
Rate limit exceeded
5 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day
«Amazon-ը պատրաստ է Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու, եթէ ապահովուի անխափան ելեկտրամատակարարում
«Amazon» ընկերութիւնը պատրաստ է Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու, եթէ ապահովուի ընկերութեան համար անհրաժեշտ՝ 24-ժամ/24 անխափան...

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Nor Haratch

L’adjoint de Choïgou voit dans l’usine d’IA en Arménie un risque lié aux services de renseignement occidentaux
Nor Haratch / 14 hours ago

Pour la première fois, un expert arménien siégera au Comité des droits des personnes handicapées de l’ONU
Nor Haratch / 14 hours ago

Առաջին անգամ ըլլալով հայազգի փորձագէտ մը պիտի պաշտօնավարէ ՄԱԿ-ի՝ Հաշմանդամներու իրաւունքներու կոմիտէին մէջ
Nor Haratch / 16 hours ago

Շոյկուի տեղակալը Հայաստանի ԱԲ-ի գործատան մէջ կը տեսնէ արեւմտեան հետախուզութեան վտանգ
Nor Haratch / 17 hours ago
Related coverage

L’Allemagne et la la Turquie s’engagent à renforcer leurs liens économiques
Nouvelles d'Arménie / Oct 1

En Arménie, ce couple a imaginé un mariage cinématographique, ponctué de clins d’œil à la France et à Charles Aznavour
Nouvelles d'Arménie / Sep 29

Turquie: les fonds d’investissement face à une crise majeure
Nouvelles d'Arménie / Sep 28

Parallèlement au TRIPP, l’Union européenne investit massivement dans le Syunik
Nouvelles d'Arménie / Sep 27