Քաղա­քակա­նու­թեան ուղղո­ւածու­թիւնը, որ Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ ղե­կավա­րու­թիւնը ընտրած է, ոչ մէկ լաւ բան պի­տի բե­րէ: ԹԱՍՍ կը հա­ղոր­դէ, որ այս մա­սին յայ­տա­րարած է Ռու­սիոյ Անվտան­գութեան խոր­հուրդի փոխ­նա­խագահ Տմիթ­րի Մետ­վե­տեւ: Իրա­նի պե­տական պատ­կե­րաս­փիւռի կա­յանին հետ հար­ցազրոյ­ցի ըն­թացքին: «Ամե­նէն սար­սա­փելին, որ կրնայ հան­րա­պետու­թեան պա­տահիլ, նոր Ուքրա­նիոյ վե­րածո­ւիլն է», ըսած է Ռու­սիոյ նախ­կին նա­խագա­հը: Մետ­վե­տեւի հա­մաձայն, Ռու­սիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի յա­րաբե­րու­թիւննե­րը ներ­կա­յիս ամ­րութեան փոր­ձութե­նէ կ՛անցնին: