Հ.Կ.Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գումարէ անդամական ժողով, Երկուշաբթի, 12 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6-ին , Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահին մէջ: Վարչութիւնը պիտի զեկուցէ իր կատարած գործունէութեան մասին, ինչպէս նաեւ պիտի ներկայացնէ յառաջիկային նախատեսուած ծրագիրներն ու աշխատանքները։ Ընկերուհի Նորա Քիւրտօղլեան պիտի ներկայացնէ հետեւեալ նիւթը.- «Մարդիկ, գէթ առաջին տպաւորութեամբ, իրար կը դատեն արտաքին տեսքէն (մանաւանդ կանանց)։ Հագուածքի ոճը իբրեւ ոչ խօսքային հաղորդակցութեան միջոց եւ կանայք ի՞նչ ուղերձներ կ՚ուզեն դրսեւորել այդ միջոցով։ Գեղեցկութեան չափանիշերը եւ յաւերժ երիտասարդ երեւելու ձգտումը։» Նիւթի ներկայացումին պիտի յաջորդէ զրոյց եւ կարծիքներու փոխանակում։ Կը հրաւիրուին Շրջանային վարչութիւնը, քոյր մասնաճիւղերը եւ բոլոր անդամուհիները։ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ The post Անդամական ժողով Ֆիքսի մէջ appeared first on Azat Or .
5 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day
Անդամական ժողով Ֆիքսի մէջ
Հ.Կ.Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գումարէ անդամական ժողով, Երկուշաբթի, 12 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահին մէջ: Վարչութիւնը պիտի զեկուցէ իր կատարած գործունէութեան մասին, ինչպէս […]

Comments
No comments yet — be the first to comment.







