ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 81-րդ նստաշրջանի Երկրորդ եւ Հինգերորդ յանձնախումբերու ծիրէն ներս, ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Պարոյր Յովհաննիսեան ընդգծած է Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ կայուն զարգացման ֆինանսաւորման եւ ՄԱԿ-ի կողմէ իր յանձնառութիւններու արդիւնաւէտ գործադրութեան համար անհրաժեշտ միջոցներու ու կարողութիւններու ապահովման մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Լուրեր»-ը։ Ներկայացուցչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ 2-րդ յանձնախումբին մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչը կարեւոր համարած է երկիրներու խոցելիութիւնները արտացոլող զարգացման ֆինանսաւորումը, Միջին հասոյթ ունեցող եւ Դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներուն աջակցութեան տրամադրումը, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու խթանումը, ինչպէս նաեւ ներկայացուցած է Հայաստանի նախապատուութիւնները՝ իբրեւ COP17-ը հիւրընկալող եւ առաջիկայ նախագահող երկիր։ Հինգերորդ յանձնախումբին մէջ դեսպան Յովհաննիսեան վերահաստատած է Հայաստանի՝ ՄԱԿ-ի կանոնաւոր ելեւմտացոյցին իր անդամավճարները ամբողջութեամբ եւ ժամանակին վճարելու հետեւողական գործելակերպը, եւ ընդգծած՝ նախատեսելի ֆինանսաւորման, ինչպէս նաեւ թափանցիկ ու փաստերու վրայ հիմնուած բարեփոխումներու կարեւորութիւնը, որոնք պիտի ամրապնդեն ՄԱԿ-ի արդիւնաւէտութիւնն ու հաշուետուողականութիւնը։ The post ՊԱՐՈՅՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ԻԲՐԵՒ COP17-Ը ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՂ ԵՐԿԻՐ appeared first on Գանձասար .
Rate limit exceeded
5 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day
ՊԱՐՈՅՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ԻԲՐԵՒ COP17-Ը ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՂ ԵՐԿԻՐ
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 81-րդ նստաշրջանի Երկրորդ եւ Հինգերորդ յանձնախումբերու ծիրէն ներս, ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Պարոյր Յովհաննիսեան ընդգծած է Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ կայուն զարգացման ֆինանսաւորման եւ ՄԱԿ-ի կողմէ իր յանձնառութիւններու արդիւնաւէտ գործադրութեան համար անհրաժեշտ միջոցներու ու կարողութիւններու ապահովման մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Լուրեր»-ը։ Ներկայացուցչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ 2-րդ յանձնախումբին մէջ Հայաստանի մշտական […]

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Kantsasar (Gandzasar)

ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՒ ԱՌՑԱՆՑ ԴԱՐՈՒ ՄԵՐ ԸՆԵԼԻՔԸ
Kantsasar (Gandzasar) / 2 hours ago

ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒԿԸԼ ՄԸ
Kantsasar (Gandzasar) / 2 hours ago

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԸ ԱՌԱՋԻՆ ԶԱՆԳՈՎ ԱՒԵՏԵՑ ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ
Kantsasar (Gandzasar) / 3 hours ago

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՀԱՍԻՉԷ ԱՅՑԵԼԵՑ
Kantsasar (Gandzasar) / 3 hours ago
Related coverage
No related coverage from other sources yet.