Սուրիական ներդրումներու մարմնի տնօրէն Ահմետ Ռուատ Ռամատան, Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրի (UNDP) մնայուն ներկայացուցիչ Մելանի Հաուենշթայնի հետ քննարկեց համագործակցութեան եւ համադրումի հեռանկարները՝ Սուրիոյ զարգացման եւ ներդրումային առաջնահերթութիւններուն աջակցելու համար: Մարմինը Այսօր՝ Երկուշաբթի, իր Թելեկրամի ալիքով յայտնեց, որ Դամասկոսի մէջ մարմնի շէնքին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը ներկայացուց ներդրումային միջավայրի կազմակերպման եւ զարգացման մարմնի տեսլականը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հետ իբրեւ ամբողջական ներդրումային առիթ վերաբերելու մօտեցումը՝ ամրապնդելով ներդրումներու դերը զարգացման աջակցելու եւ փուլի առաջնահերթութիւններուն ընդառաջելու գործին մէջ: Մարմինը պարզաբանեց, որ երկու կողմերը քննարկեցին զարգացման եւ կայուն ծրագրերու աջակցութիւնը, գոյութիւն ունեցող սուրիական արտադրութիւններու՝ մասնաւորապէս հիւսուածքի (մանածագործութեան) արտադրութեան պահպանումը, անոր շարունակականութեան ամրապնդումն ու անոր հետ կապուած խաւերու պաշտպանութիւնը: Կողմերը համաձայնեցան պատրաստել առաջնահերթ զարգացման կարիքներու յուշագիր մը՝ նախապատրաստուելու համար բարձր մակարդակի համադրման հանդիպումի մը գումարման, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան եւ կարելի աջակցութեան մարզերը քննարկելու: The post ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՐՄԻՆՆ ՈՒ UNDP-Ը ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ԿԱՅՈՒՆ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ appeared first on Գանձասար .