Թեհրանի մեթ­րո­յի «Սուրբ Մա­րիամ» կա­յարա­նին մէջ Սեպ­տեմբեր 28-ին բա­ցուած է Իրան-Իրաք պա­տերազ­մի ըն­թացքին նա­հատա­կուած իրա­նահա­յերուն նուիրուած ցու­ցա­հան­դէս մը՝ «Հայ նա­հատակ­ներ. անձնա­զոհու­թեան խորհրդա­նիշեր» խո­րագ­րով։ Ցու­ցա­հան­դէ­սը կազ­մա­կեր­պուած է Իրա­նի «Սրբա­զան պաշտպա­նու­թեան շա­բաթ»-ին առի­թով եւ կը ներ­կա­յաց­նէ 46 իրա­նահայ զի­նուոր­նե­րու լու­սանկար­ներն ու անոնց կեան­քին վե­րաբե­րող նիւ­թեր։ Անի­կա բաց պի­տի մնայ շուրջ մէկ ամիս։ Բաց­ման ներ­կայ գտնուած են նա­հատակ­նե­րու հա­րազատ­նե­րը, իրան­ցի պաշ­տօ­նատար­ներ եւ Իրա­նի խորհրդա­րանի՝ Թեհ­րա­նի ու Հիւ­սի­սային Իրա­նի հա­յու­թեան երես­փո­խան Արա Շահ­վերդեան։ Վեր­ջինս ընդգծած է, որ իրա­նահայ հա­մայնքը Իրան-Իրաք պա­տերազ­մի տա­րինե­րուն երկրի պաշտպա­նու­թեան իր մաս­նակցու­թիւնը բե­րած է՝ ան­կախ կրօ­նական պատ­կա­նելիու­թե­նէն։ Հարկ է նշել, որ ցու­ցա­հան­դէ­սին ներ­կա­յացուած 46 զո­հերու թի­ւը չի հա­մապա­տաս­խա­ներ պա­տերազ­մի տա­րինե­րուն իրա­նահայ զո­հերու ընդհա­նուր թի­ւին։ Ար­դա­րեւ, Արա Շահ­վերդեան քա­նի մը օր առաջ յայ­տա­րարած էր, որ իրա­նահայ հա­մայնքը «Սրբա­զան պաշտպա­նու­թեան» տա­րինե­րուն տուած է 114 զոհ, իսկ վի­րաւոր­նե­րու, ան­հե­տացած­նե­րու եւ գե­րինե­րու հետ միասին՝ պա­տերազ­մէն տու­ժած հա­յոր­դի­ներուն թի­ւը ան­ցած է 200-ը։ Հե­տեւա­բար 46-ը, ամե­նայն հա­ւանա­կանու­թեամբ, կը վե­րաբե­րի միայն այս ցու­ցա­հան­դէ­սին մէջ ներ­կա­յացուած ան­ձե­րուն։ «Սուրբ Մա­րիամ» կա­յարա­նը, որ կը գտնուի Թեհ­րա­նի Ս. Սար­գիս հայ­կա­կան Մայր տա­ճարին մօտ, բա­ցուած է 2025-ին եւ իր ձե­ւաւո­րու­մով ար­դէն իսկ կը կրէ հայ­կա­կան ու քրիս­տո­նէական խորհրդա­նիշեր։ ■