5 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day
Հայկականութեամբ յագեցանք…
Տարեշրջանի մը աւարտն է, վազվըզուք եւ անհամար աշխատանք։ Միութենականներ կը վազվզեն, ելոյթներ պիտի ներկայացնեն հանդիսատեսին։ Մէկ տարուան աշխատանքը պիտի բեմականացուի թորոնթոհայ գաղութին եւ յետոյ պիտի փակեն դռները ծառայութեան եւ նուիրումին՝ սեպտեմբերին դարձեալ հանդիպելու յոյսով։ Սեպտեմբերէն մինչեւ մայիս, միութենական աշխատանքներ կը ծրագրուին, Հայ կեդրոնի յարակից եւ ուղեկից բոլոր միութիւնները առանց վարանելու մեղուի աշխատասիրութեամբ օրնիբուն կ'աշխատին։ ՀՕՄ-ականներ, ՀՄԸՄ-ականներ, համազգայնականներ եւ դպրոցակններ բազում ընելիք ունին․ ինը ամիս անդադար կ'աշխատին, անոնցմէ շատեր ելոյթներ պատրաստելով, բեմական աշխատանքներ ծրագրելով, ուտեստներ պատրաստելով եւ ծախելով, ժողովներ կատարելով եւ տակաւին անթիւ եւ անհամար աշխատանքներ, որոնք մեծ սրտով եւ ուրախութեամբ կը կատարեն իրենց վստահուած աշխատանքները։Մայիսին, հերթականութեամբ կը սկսին ելոյթները։ Գաղութը կը խայտայ հայկականութեամբ, կարծէք օտար ափերու մէջ չենք ապրիր։ Շաբաթական դրութեամբ համերգներ, ելոյթներ, պարային եւ եգչախմբային ներկայացումներ։ Համազգայինի սրահը կը բուրէ հայկականութեամբ։Հայու նկարագիրն է ծառայել, աշխատիլ եւ յոգնիլ յանուն ազգային սկզբունքներու, միութենական ծրագիրներու իրագործան։ Կարծէք ծառայութեան դաշինքը դրոշմուած է հայու ինքնութեան հետ։Աշխարհի որ երկիրը երթաս, որ անկիւնը որ հասնիս, ուր որ ալ ճամբորդես, հայը կը գործէ նոյն սկզբունքով. կը սիրէ ծառայել եւ տքնիլ յանուն ազգային սկզբունքին, հայ մնալու, ապրելու եւ հայութիւնը պահելու վեհ նպատակին։Գանատայի թորոթոհայ գաղութն ալ անմասն չի մնար այս սկզբունքէն։ Միութենականներ իրենց առօրեայի այլազան աշխատանքներէն ետք, շաբթուան գրեթէ բոլոր օրերը կը ծառայեն միութենակ

You've reached the free article limit
You've reached the free limit of 15 articles per day. Create a free account to unlock 50 articles per day and 25 full-article translations per day.
Create free accountor Sign in
More from Torontohye
Related coverage

Why Is Azerbaijan Increasing Pressure on Armenia?
Abaka / Oct 2

ԵՐԲ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԼՌՈՒՄ Է, ԱՂՄՈՒԿՆ Է ԿԱՌԱՎԱՐՈՒՄ
Abaka / Sep 30

Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան․ Եկեղեցւոյ Ներքին Հարցերը Պէտք Է Լուծուին Կանոնական Եւ Ժողովական Ճամբով
Abaka / Sep 30

Separation of Church and State Is Unnegotiable: Pashinyan’s Feud with the Church
Abaka / Sep 30



![ՆՈՐ ԹԻՒ/NEW ISSUE - ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2026 OCTOBER [#230]](/functions/proxyImage?url=https%3A%2F%2Fimages.squarespace-cdn.com%2Fcontent%2Fv1%2F6380a2e72542000fb8aadc35%2F92b4e6d4-71df-4779-a0d9-69bdd8936db2%2Fexplore%2B%252832%2529.png%3Fformat%3D1500w)