Translate this article

3 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day

Torontohye Canada· Sep 29
Diaspora

Իրաւապաշտպան Սիրանուշ Սահակեան Թորոնթոյի մէջ.

Ժողովրդային հաւաք՝ Պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդներու իրաւական պայքարին շուրջ«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—Թորոնթոհայ համայնքը 6 հոկտեմբերին առիթը պիտի ունենայ իրաւապաշտպան Սիրանուշ Սահակեանի ներկայութեամբ մօտէն ծանօթանալու արցախահայութեան եւ հայ ռազմագերիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ամենէն հրատապ հարցերուն: Գանատայի հայ դատի յանձնախումբի (Armenian National Committee of Canada - ANCC) եւ «Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոն»-ի (Armenian Legal Center for Justice & Human Rights - ALC) համատեղ նախաձեռնութեամբ, տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային հաւաք՝ նուիրուած Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներուն, քաղաքացիական պատանդներուն եւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ազատագրման ուղղուած իրաւական պայքարին: Հաւաքը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 6 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8-ին, Հայ կեդրոնի սրահին մէջ. մուտքը ազատ է: Հաւաքին գլխաւոր բանախօսն է միջազգային իրաւունքներու մասնագէտ, մարդկային իրաւանց պաշտպան, ALC-ի գործադիր տնօրէն եւ Միջազգային ու համեմատական իրաւունքի կեդրոնի (ICLC) համահիմնադիր Սիրանուշ Սահակեան: Սահակեան տարիներէ ի վեր կը հանդիսանայ այս բարդ ու վճռորոշ ճակատի առաջամարտիկներէն մէկը՝ անմիջականօրէն ներկայացնելով գերեվարուած անձերու եւ անոնց ընտանիքներուն շահերը Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ECHR) մէջ: Անոր եւ իր գլխաւորած մասնագիտական խումբին շնորհիւ է, որ Ազրպէյճանի կողմէ գործադրուած պատերազմական յանցագործութիւնները, կտտանքներն ու ապօրինի կալանաւորումները վաւերագրուած են եւ ներկայացուած միջազգային բարձրագոյն ատեաններուն՝ ստեղծելով իրաւական անհերքելի հիմքեր ազերիական բռնատիրութեան դէմ:2020-ի Արցախեան պատերազմէն

Իրաւապաշտպան Սիրանուշ Սահակեան Թորոնթոյի մէջ.

You've reached the free article limit

You've reached the free limit of 15 articles per day. Create a free account to unlock 50 articles per day and 25 full-article translations per day.

Create free account

or Sign in

We use cookies for analytics and advertising, including Google ad partners who may use cookies to serve personalized ads. See our Privacy Policy for details and your choices.