Իսրայէլի կառավարութիւնը, այսօր, միաձայն հաւանութիւն տուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու երկրի Արտաքին գործոց նախարար Կիտէօն Սաարի նախագիծին։ Ըստ հաղորդումներուն, ճանաչումի բանաձեւի նախագիծը այժմ կ՚ուղարկուի խորհրդարան, առ ի որդեգրում։ ԱԳ նախարարը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է, թէ անցեալին եւս եղած են նման նախաձեռնութիւններ, որոնք, սակայն, իրենց տրամաբանական եզրակացութեան չեն յանգած։ Նախարարը յայտարարած է նաեւ, որ այս հակադարձութիւն չէ Թուրքիոյ նախագահին գլխաւորութեամբ Իսրայէլի դէմ ուղղուած «սարսափելի հռետորաբանութեան եւ թշնամական քայլերուն», ենթադրաբար՝ ակնարկելով ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ միջազգային համայնքի բազմաթիւ անդամներու այն իրաւացի հաստատումներուն, որ Իսրայէլ Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն կը գործէ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ։ Հաշուի առնելով այն փաստը, որ բազմաթիւ հրեայ անհատներ, այդ մասին բարձրաձայնած են Ցեղասպանութեան օրերուն՝ որպէս վկայ, իսկ հետագային՝ որպէս մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ եւ կուսակցութիւն (Մերեց), պահանջելով Իսրայէլի պետութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, նախարար Սաար իրաւացի է երբ կը հաստատէ. «Երբեք ուշ չէ ճիշտ բանը ընել։ Այս թէ՛ բարոյական, թէ՛ պատմական պարտականութիւն է։ Իմ կարծիքով, ատկէ խուսափելու որեւէ լուրջ պատճառ չկայ»։ Եթէ եւ երբ այս նախաձեռնութիւնը հասնի իր տրամաբանական եզրայանգումին եւ Իսրայէլի խորհրդարանը եւս հաստատէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը որպէս պետական դիրքորոշում, մենք կ՚ողջունենք այդ կեցուածքը, միաժամանակ կրկնելով նախարար Սաարիի Թուրքիոյ ուղղուած այն տրամաբանութիւնը, որ նման ճանաչումը «իրեն (այս պարագային՝ Իսրայէլին) չի տար անձեռնմխելիութիւն պատմական ճշմարտություններէն», ներառեալ՝ Արցախի մէջ հայութեան դէմ կատարուած յանձագործութիւններուն իր մեղսակցութեան գծով։ Միաժամանակ, կ՚ակնկալենք, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Իսրայէլը կը ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը՝ սատարելով յիշողութեան յաւերժացումին եւ պայքարելով անոր ժխտումին դէմ։ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդ 28 Հունիս 2026
5 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day
ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի յայտարարութիւնը՝ Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու առիթով
Իսրայէլի կառավարութիւնը, այսօր, միաձայն հաւանութիւն տուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու երկրի Արտաքին գործոց նախարար Կիտէօն Սաարի նախագիծին։ Ըստ հաղորդումներուն, ճանաչումի բանաձեւի նախագիծը այժմ կ՚ուղարկուի խորհրդարան, առ ի որդեգրում։ ԱԳ նախարարը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է, [...] Leer más >>

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Diario Armenia

La colectividad armenia participó del cierre de la 49ª Fiesta Provincial del Inmigrante de Berisso
Diario Armenia / 2 hours ago

Santiago Sergio Saadjian presentará su libro sobre Victoria Ocampo en el Mes de la Cultura Armenia
Diario Armenia / 8 hours ago

Celebraciones en el templo yazidí más grande del mundo
Diario Armenia / 11 hours ago

El festival Tzain Dur 2026 ya se puede disfrutar completo en YouTube
Diario Armenia / 13 hours ago
Related coverage

Armenia recicla las ofrendas del Genocidio para crear papel y abono orgánico
Soy Armenio / Apr 27

Ayer, el Imperio Otomano. Hoy, Turquía y Azerbaiyán - Conversatorio sobre el genocidio armenio.
Nor Sevan / May 4, 2021

Mensaje de Alberto Fernández a 106 años del genocidio armenio
Nor Sevan / Apr 25, 2021

"Dar testimonio en momentos difíciles", Rodolfo Walsh - 24/03/1977
Nor Sevan / Mar 25, 2021