ԵՐԵՒԱՆ (Հորիզոն).- Երկու տարուան ընթացքին միայն 15,000 արցախցի օգտուած է բնակարանային ապահովման պետական ծրագիրէն, յայտարարած է Արցախի պետական նախարար Նժդեհ Իսկանդարեան՝ անդրադառնալով բռնի տեղահանուած արցախցիներու բնակարանային խնդիրներուն։ Իսկանդարեանի համաձայն, այս թիւը ցոյց կու տայ, որ ծրագիրը հաւասարապէս հասանելի չէ բոլոր ընտանիքներուն։ Ան նշած է, որ հիմնական խոչընդոտներու շարքին են ընտանիքներու սեփական ֆինանսական մասնակցութեան ծանր բեռը, վարկաւորման սահմանափակ կարելիութիւնները եւ անշարժ կալուածքի գիներու աճը։ Պետական նախարարը շեշտած է, որ եթէ երկու տարուան ընթացքին շահառուներու զգալի մասը չէ կրցած լուծել իր բնակարանային հարցը, ապա պետութիւնը պարտաւոր է ուսումնասիրել պատճառները եւ վերանայիլ ծրագիրին պայմանները։ Ըստ անոր, ծրագիրը պէտք է հիմնուած ըլլայ ընտանիքներու իրական կարիքներուն եւ ընկերային վիճակին վրայ։ Իսկանդարեան նաեւ ընդգծած է, որ Արցախի բռնի տեղահանութենէն գրեթէ երեք տարի անց, բազմաթիւ արցախցիներու համար ապագայի անորոշութիւնը կը շարունակէ մնալ գլխաւոր մտահոգութիւն։ Անոր խօսքով, Հայաստանի վերջին ներքաղաքական զարգացումներէն եւ ընտրութիւններու արդիւնքէն ետք արտագաղթի միտումներ կը նկատուին։ «Երբ մարդը երկար ժամանակ կ’ապրի անորոշութեան մէջ եւ իր ընտանիքին համար կայուն հեռանկար չի տեսներ, բնական է, որ կը սկսի այլ կարելիութիւններ փնտռել», ըսած է Իսկանդարեան՝ շեշտելով, որ արցախցիներու նկատմամբ արդար, յստակ եւ երկարաժամկէտ պետական քաղաքականութիւնը կրնայ շատերուն ապագան կապել Հայաստանի հետ։
5 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day
Երկու տարուան մէջ միայն 15,000 արցախցի օգտուած Է բնակարանային ապահովման ծրագիրէն
ԵՐԵՒԱՆ (Հորիզոն).- Երկու տարուան ընթացքին միայն 15,000 արցախցի օգտուած է բնակարանային ապահովման պետական ծրագիրէն, յայտարարած է Արցախի պետական նախարար Նժդեհ Իսկանդարեան՝ անդրադառնալով բռնի տեղահանուած արցախցիներու բնակարանային խնդիրներուն։ Իսկանդարեանի համաձայն, այս թիւը ցոյց կու տայ, որ ծրագիրը [...] Leer más >>

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Diario Armenia

Ereván celebró su 2808º aniversario: de la fortaleza de Erebuni a la capital de Armenia
Diario Armenia / 11 hours ago

Se inauguraron los XXVIII Juegos Navasartian de Homenetmen Sudamérica con más de 400 deportistas de Argentina, Uruguay, Brasil y Chile
Diario Armenia / 12 hours ago

La colectividad armenia de Berisso participará del desfile de clausura de la Fiesta Provincial del Inmigrante el 11 de octubre
Diario Armenia / Oct 10

El Parlamento Europeo condenó la represión en Azerbaiyán, exigió la liberación de los prisioneros armenios y pidió sanciones contra el régimen azerbaiyano
Diario Armenia / Oct 9
Related coverage

Ruzanna Avagimyan exige ante la OSCE erradicar el odio promovido por Azerbaiyán contra los armenios
Soy Armenio / Oct 8

Advierten sobre la pérdida irreversible de archivos digitales y la memoria histórica de Armenia en internet
Soy Armenio / Oct 8

TRAS 40 AÑOS EN PRISIÓN POR ASESINATO DE CÓNSUL TURCO, HAMPIG SASSOUNIAN NOMBRA A SUS MELLIZOS ARTSAJ Y SHUSHÍ.
Guía Armenia Menc / Oct 7

Fiscal acusó a un teniente coronel por la muerte de 18 soldados en la guerra de los 44 días
Soy Armenio / Oct 6