«Եթէ մեր երկիրներէն մէկուն համար սպառնալիք յառաջանայ, միւսը իր ամբողջ, ներառեալ զինուորական ներուժը զօրաշարժի պիտի ենթարկէ իր դաշնակիցը պաշտպանելու համար», ըսաւ Ալիեւ. Ազդակ.- Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ բարեկամութիւնն ու եղբայրութիւնը անխախտ են, իսկ ազրպէյճանցի եւ թուրք ժողովուրդները կը կիսեն այս տեսակէտը: Այս մասին բռնագրաւեալ Շուշիի մէջ Համաշխարհային լրատուական 4-րդ համախմբումի ժամանակ, պատասխանելով «Անատոլու»-ի լրագրողի հարցումին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: Անոր համաձայն, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ քաղաքական եւ տնտեսական կապերը կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ, իսկ երկիրները բարեկամական սերտ յարաբերութիւններ կը պահպանեն: Ալիեւ ընդգծած է, որ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան ոչ միայն եղբայրական եւ բարեկամ երկիրներ են, այլ նաեւ դաշնակիցներ: «Եթէ մեր երկիրներէն մէկուն համար սպառնալիք յառաջանայ, միւսը զօրաշարժի պիտի ենթարկէ իր ամբողջ, ներառեալ զինուորական ներուժը` իր դաշնակիցը պաշտպանելու համար», ըսած է Ալիեւ: Անդրադառնալով Հայաստանի հետ յարաբերութեան` Ալիեւ ըսած է. «Ազրպէյճանի տարածքով Հայաստան տեղափոխուած են աւելի քան 40 հազար թոն տարբեր բեռներ Ռուսիայէն եւ Ղազախստանէն: Բացի ատկէ, Ազրպէյճան ինք սկսած է նաւթամթերք մատակարարել Հայաստանին»: Անոր համաձայն, ի դէմս Ազրպէյճանի` Հայաստան ստացած է մատակարարումներու յուսալի աղբիւր: «Եթէ նման կարելիութիւն չըլլար, Երեւան ստիպուած պիտի ըլլար ամբողջ աշխարհի վրայ անհրաժեշտ աղբիւրներ փնտռելու», նշած է Ալիեւ: ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահը նաեւ անդրադարձած է Եւրոպական խորհուրդին հետ յարաբերութիւններուն եւ յայտարարած. «Մենք կ՛ուզենք Եւրոպական խորհուրդին հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել, սակայն անոնք պէտք է առաջին քայլը ընեն: Նոյնիսկ եթէ Ազրպէյճանը ամբողջութեամբ Եւրոպական խորհուրդէն դուրս գայ, երկրին մէջ գործնականին մէջ ոչ ոք ատիկա պիտի նկատէ»: «Մինչեւ 2023 թուականի սեպտեմբերը Ազրպէյճան երբեք Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ որեւէ պատժամիջոցի չէր ենթարկուած: Իսկ 2024 թուականի յունուարին վեհաժողովը քննարկեց ազրպէյճանական պատուիրակութեան լիազօրութիւնները եւ զրկեց զայն քուէարկութեան իրաւունքէն: Ասիկա, իբրեւ թէ, կապուած եղած է մարդու իրաւունքներուն: Սակայն, եթէ ատիկա իսկապէս այդպէս ըլլար, հաւանաբար աւելի առաջ նման քայլ պիտի կատարուէր: Ատիկա ուղղակի պատիժ էր այն բանի համար, որ մենք վերականգնեցինք մեր գերիշխանութիւնը», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահը: Ըստ ազրպէյճանական «Ռիփորթ»-ին, Ալիեւ յայտարարած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ «3+3» ձեւաչափը պէտք է ըլլայ լիարժէք, հաւասարազօր վեցակողմ համագործակցութեան հարթակ եւ չվերածուի հերթական Մինսքի խմբակի: Անոր համաձայն, Ազրպէյճան այդ ձեւաչափը առաջարկած է` իբրեւ յետպատերազմեան համագործակցութեան մեքանիզմ, որուն նպատակը լիարժէք կարգաւորումն ու երկրի գերիշխանութեան վերջնական վերականգնումն է: Ալիեւ նշած է, որ իրադարձութիւններու զարգացման եւ թէ՛ Հարաւային Կովկասի երկիրներու, թէ՛ ալ արտաքին պետութիւններու հետ դաշնակցային յարաբերութիւններու փոփոխութեան զուգահեռ փոխուած է նաեւ Ազրպէյճանի համագործակցութեան այս ձեւաչափի վերաբերեալ գնահատականը: «Այսօր` ներկայ փուլին, կարեւոր է, որ ատիկա ըլլայ լիարժէք վեցակողմ համագործակցութիւն: Քանի տակաւին Վրաստանը չէ միացած, առնուազն հնգակողմ, սակայն շատ յստակ օրակարգով: Կարեւոր է, որպէսզի այս մեքանիզմը չվերածուի հերթական Մինսքի խմբակի, որ պիտի զբաղի բացառապէս ազրպէյճանական-հայկական խնդիրներով», նշած է Ալիեւ` ընդգծելով, որ ձեւաչափը պէտք է ներառէ ամբողջ շրջանին վերաբերող հարցերը` Ռուսիոյ, Իրանի, Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի «հաւասարութեան սկզբունքով» մասնակցութեամբ»: Անոր համաձայն, Ազրպէյճան այսօր ճիշդ այս հայեցակարգը հիմնական կը նկատէ: «Եթէ նման մօտեցումը ընդունելի ըլլայ նաեւ միւս մայրաքաղաքներուն համար, ապա, կը կարծեմ, առնուազն արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հնգակողմ հանդիպման կատարումը պահանջուած պիտի ըլլայ», աւելցուցած է Ալիեւ: Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան անցեալ տարի լրատուամիջոցներուն ըսած էր, որ «3+3» ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ կա՛մ Երեւանի մէջ, կա՛մ Պաքուի մէջ: «Հայաստանի Հանրապետութիւնը յայտնած է իր պատրաստակամութիւնը հիւրընկալելու «3+3» շրջանային խորհրդատուական հարթակի նախարարական հերթական հանդիպումը: Նմանօրինակ պատրաստակամութիւն յայտնած էր նաեւ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը», լրատուամիջոցներուն յայտնած էին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն: Մինչեւ այսօր, սակայն, Երեւանի կամ Պաքուի մէջ հարթակի հանդիպումը կատարելու մասին ստոյգ տեղեկութիւն չկայ:
5 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day
Ալիեւ խօսեցաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութեան մասին`
«Եթէ մեր երկիրներէն մէկուն համար սպառնալիք յառաջանայ, միւսը իր ամբողջ, ներառեալ զինուորական ներուժը զօրաշարժի պիտի ենթարկէ իր դաշնակիցը պաշտպանելու համար», ըսաւ Ալիեւ. Ազդակ.- Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ բարեկամութիւնն ու եղբայրութիւնը անխախտ են, իսկ ազրպէյճանցի եւ թուրք [...] Leer más >>

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Diario Armenia

Nikol Pashinyan propuso intercambiar territorios con Azerbaiyán para eliminar los enclaves
Diario Armenia / Oct 14

Տուները կորսնցուցած արցախցիներուն հարցերը լուծելու փոխարէն, իշխանաւորները խորհուրդ կու տան Երեւանէն դուրս փնտռել
Diario Armenia / Oct 13

Ալիեւ. «Ազրպէյճանն ու Հայաստանը իմ նախաձեռնութեամբ խաղաղութեան Նոպելեան Մրցանակի համար համատեղ առաջարկած են Թրամփի թեկնածութիւնը»
Diario Armenia / Oct 13

Ազդակի խմբագրական. Թարգմանչացը եւ պետութիւն-եկեղեցի մէկութիւնը
Diario Armenia / Oct 13
Related coverage

Ereván declara al desfiladero de Hrazdan como área natural especialmente protegida
Soy Armenio / Oct 14

La guerra sin umbral contra Europa que Armenia ya conoce. Por Klaus lange Hazarian
Soy Armenio / Oct 13

Veintinueve países acusan a Irán de sabotaje, ciberataques y conspiraciones internacionales
Soy Armenio / Oct 13

Iniciativa de RECONOMY impulsa el potencial turístico de Armenia y Georgia en el mercado español
Soy Armenio / Oct 13