Ո՛չ․․․դժբախտաբար մենք երիտասարդներս, մեր սերնդակիցները այդ օր՝ 23 Յուլիս 1983-ին, դեռ չէինք ծնած։ Այո՛․․․մենք նոր սերունդն ենք, կը խոնարհինք եւ ծնկաչոք կը նշենք այդ հինգ հերոսներուն անունները։ Այս մէկը պարտականութիւն չէ, այլ մեր սրտէն ժայթքող բերկրանք եւ մարմաջ։ Որքա՜ն նախանձելի է Լիզպոնի հինգ տղաքը ճանչցող սերունդը։ Շատ աւելի անձնական է այս սերունդին համար անոնց յիշատակումը, քան` մեր սերունդին, որ որպէս անմոռանալի առասպելներ կը մօտենայ: Լիզպոնի հինգին սերնդակիցներուն համար անոնք այն երիտասարդներն են, որոնք յանկարծ օրին մէկը լռիկ-մնջիկ ու փակ շրթներով վճռեցին երթալ Լիզպոն ու իրենց ետին ձգելով յիշատակելի եւ յուզիչ ձեռագիր նամակներ ու տեղեկութիւններ։ Այդ թուականէն 86 տարի առաջ, 25 Յուլիս 1897-ին, մեծ յաջողութեամբ պսակուած էր Խանասորի արշաւանքը, ուր 253 ֆետայիներ Նիկոլ Դումանի, Վարդանի (Սարգիս Մեհրապեան) եւ Յովսէփ Արղութեանի գլխաւորութեամբ կրցած էին յարձակիլ Վանի շրջանի հայատեաց քրտական Մազրիկ ցեղախումբին վրայ եւ շռնդալից յաղթանակ մը արձանագրել։ Այդ օրուան՝ 27 Յուլիս 1983-ի ֆետայիներն էին՝ Սիմոն Եահնիեան, Սարգիս Աբրահամեան, Արա Քըրճըլեան, Սեդրակ Աճեմեան եւ Վաչէ Տաղլեան, որոնք որոշած էին Աշխարհը ցնցել, խոր քունէ արթնցնել: Այդ օրուան պայմաններուն մէջ Լիզպոնի Թուրքիոյ դեսպանատան վրայ յարձակման արարքը հիմնականին մէջ կը վերաբերէր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հրամայականին եւ անկէ բխած նաեւ անմիջականօրէն իբրեւ հետեւող առաջադրանք` հողային պահանջատիրութեան Եւ հատուցման: Գործողութեան յաջորդող օրերուն միջազգային հանրութիւնն ու մամուլը, նոյնինքն լեղապատառ Թուրքիոյ իշխանութիւնները` բոլորը միանշանակ իմացան, որ առ հասարակ հայ ժողովուրդին եւ Հայ Դատի հողային պահանջատիրութեան թղթածրարին հետ կարելի չէր սակարկել, արդարութեան ձայնը խեղդել, մոռացութեան մատնել կամ նոյնիսկ թաղել զայն: Այս հերոսներուն թողած պատգամներուն եւ փոխանցած ուղերձներուն մէջ յստակօրէն կը նշուի հայոց համազգային իրաւունքներու վերատիրացման գաղափարը: Գերագոյն զոհաբերումի հիմնական պատճառը այդ իրաւունքներու հաստատ պահանջքն է, այդ խոր լռութեան պատի քանդումը եւ միջազգային հանրութեան ու քաղաքական շրջանակներուն հայկական հիմնահարցերու վրայ կեդրոնացումը: Ո՛չ․․․անոնք ահաբեկիչներ չէին, այլ արդար դատի համար պայքարող եւ նոյնիսկ իրենց մատղաշ կեանքը զոհաբերող նահատակ հերոսներ։ Եւ այդ հերոսական արարքէն հազիւ հինգ տարի ետք, 1988-ին Լիզպոնի հերոսներուն տեսլականը ձեւ ու մարմին ստացաւ արցախեան հայրենիքի ազատագրումով, ինքնորոշման, անկախացման, հանրապետութիւն ունենալու իրաւունքներու իրագործումով: Այս անգամ Ստեփանակերտէն եւ Շուշիէն կը մեկնարկէր հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի շարժումը։ Մարդկային իրաւունք` ինքնապաշտպանուելու իրաւունք, ինքնորոշուելու իրաւունք, հայոց պատմական հայրենիքի տարածքը ազատագրելու իրաւունք: Դարձեալ իրաւունքի խնդիր էր, որուն համար անդրդուելի եւ անյողդողդ որոշում կու տար այս անգամ արցախահայութիւնը: Լիզպոնի գործողութեան յաջորդող օրերուն միջազգային ռազմաքաղաքական դերակատարները, դիւանագէտները, միջազգային հանրութիւնը, մամուլը, նոյնինքն սարսափահար Թուրքիոյ բռնատիրական իշխանութիւնները` բոլորը միանշանակ հասկցան, որ հայ ժողովուրդի, Հայ Դատի հողային պահանջատիրութեան թղթածրարին հետ կարելի չէ սակարկութեան մտնել, կարելի չէ արդարութեան ձայնը խեղդել, կարելի չէ մոռացութեան տալ եւ թաղել զայն: Անձնազոհութիւնը անպայման մահ չի նշանակեր։ Անոնք՝ Սիմոնը, Սարգիսը, Արան, Սեդրակն ու Վաչէն կը մնան անմար եւ անմահ։ «Հայրենիք» – Երիտասարդական
3 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day
Ի Յիշատակ Լիզպոնի «Խենթեր»-ուն
Ո՛չ․․․դժբախտաբար մենք երիտասարդներս, մեր սերնդակիցները այդ օր՝ 23 Յուլիս 1983-ին, դեռ չէինք ծնած։ Այո՛․․․մենք նոր սերունդն ենք, կը խոնարհինք եւ ծնկաչոք կը նշենք այդ հինգ հերոսներուն անունները։ Այս մէկը պարտականութիւն չէ, այլ մեր սրտէն ժայթքող բերկրանք [...] Leer más >>

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Diario Armenia

El exjefe de la inteligencia alemana August Hanning fue detenido por presuntos vínculos con la inteligencia de Azerbaiyán
Diario Armenia / 3 hours ago

Nueva escalada del gobierno de Nikol Pashinyan contra la diáspora armenia: “Manténganse alejados de nuestro país, cierren la boca”
Diario Armenia / 3 hours ago

Իրան կրկին զգուշացուց Երեւանը երրորդ երկիրներու միջամտութեան մասին
Diario Armenia / 8 hours ago

Շաքիի մէջ պատահած դէպքը ապահովական մտավախութիւններ կը յառաջացնէ
Diario Armenia / 8 hours ago
Related coverage

Armenia eleva el reclamo por los 19 prisioneros y los desaparecidos en Bakú ante la Tercera Comisión de la ONU
Soy Armenio / 10 hours ago

Armenia y Turquía debaten en Ereván la restauración de la línea eléctrica Gyumri-Kars
Soy Armenio / 11 hours ago

Noticias Breves de Armenia y su región: 5 de octubre 2026
Soy Armenio / 15 hours ago

Alerta mundial por fuga de peste neumónica en el Instituto de Irkutsk de Rusia
Soy Armenio / Oct 5