ՏԷՐՍԻՄ.- Թուրքիոյ Տէրսիմի՝ ներկայիս Թունճելիի Հոզաթ գաւառի Էրկէն, այժմ՝ Կեչիմլի գիւղին մէջ գտնուող հազարամեայ Սուրբ Յարութիւն հայկական եկեղեցին, որ ծանօթ է նաեւ Էրկանի վանք անունով, տարիներու անխնամութեան հետեւանքով փլուզման անմիջական վտանգի տակ կը գտնուի։ Քարաշէն ճարտարապետութեամբ, կամարակապ մուտքով եւ պատերու քանդակազարդերով յատկանշուող եկեղեցին Տէրսիմի բազմամշակութային անցեալի կարեւորագոյն վկաներէն մէկը կը նկատուի։ Սակայն կառոյցը երկար տարիներէ ի վեր չէ վերանորոգուած եւ շարունակաբար կը վնասուի թէ՛ բնական պայմաններու եւ թէ գանձախոյզներու ապօրինի գործողութիւններուն հետեւանքով։ Եկեղեցւոյ քարերէն մաս մը վնասուած կամ գողցուած է, մինչ մնացեալ պատերուն վրայ զանազան գրութիւններ արձանագրուած են։ Հակառակ անոր, որ 2012-ին Էրզրումի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խորհուրդը ընդունած էր Թունճելիի նահանգային մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան դիմումը՝ եկեղեցւոյ պահպանութեան անհրաժեշտութեան վերաբերեալ, մինչեւ այսօր վերականգնման կամ պահպանութեան որեւէ աշխատանք չէ կատարուած։ Քրտական «Ռուտաու» լրատուամիջոցին համաձայն՝ գիւղի բնակիչները կը պահանջեն, որ հայկական եկեղեցին վերականգնուի եւ վերածուի հաւատքի ու մշակութային զբօսաշրջութեան կարեւոր կեդրոնի։ Գիւղի բնակիչ Հայրի Եըլտըզ, քննադատելով պետական մարմիններու անտարբերութիւնը, նշած է, որ գիւղացիները պատրաստ են իրենց կարգին պաշտպանելու պատմական կառոյցը։ Մէկ այլ բնակիչ՝ Մեհմէտ Օղուզ, շեշտած է, որ պատմական եւ կրօնական արժէքները պէտք է պահպանուին, այլապէս անոնք վերջնականապէս պիտի կորսուին։ 975 թուականին կառուցուած Էրկանի վանքը կը նկատուի Դերսիմի հայկական մեծագոյն եկեղեցին։ Կառոյցի ներքին պատերուն վրայ մինչեւ այսօր պահպանուած են հայատառ արձանագրութիւններ։ Պատմական վկայութիւններու համաձայն՝ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն Էրկանի վերջին քահանան ողջակիզուած է նոյն եկեղեցւոյ մէջ։ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին 1915-էն ի վեր դադրած է գործելէ։
5 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day
Տէրսիմի հայկական մեծագոյն եկեղեցին փլուզման եզրին է
ՏԷՐՍԻՄ.- Թուրքիոյ Տէրսիմի՝ ներկայիս Թունճելիի Հոզաթ գաւառի Էրկէն, այժմ՝ Կեչիմլի գիւղին մէջ գտնուող հազարամեայ Սուրբ Յարութիւն հայկական եկեղեցին, որ ծանօթ է նաեւ Էրկանի վանք անունով, տարիներու անխնամութեան հետեւանքով փլուզման անմիջական վտանգի տակ կը գտնուի։ Քարաշէն ճարտարապետութեամբ, [...] Leer más >>

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Diario Armenia

Turquía y Azerbaiyán: las tensiones detrás de "una nación, dos Estados"
Diario Armenia / 15 hours ago

La Unión Compatriótica Armenia de Marash celebrará su 102º aniversario con una cena y un espectáculo musical en Buenos Aires
Diario Armenia / 21 hours ago

El Conjunto de Danzas Folklóricas Armenias Masís participó del Oktoberfest de Villa General Belgrano en Córdoba
Diario Armenia / 21 hours ago

Ereván celebró su 2808º aniversario: de la fortaleza de Erebuni a la capital de Armenia
Diario Armenia / Oct 10
Related coverage

La investigación que la Iglesia Apostólica Armenia no quiso abrir. Por Klaus Lange Hazarian
Soy Armenio / Oct 11

Echmiadzín suma voluntades en defensa de la Iglesia Apostólica Armenia
Nor Sevan / Oct 10

El "panturquismo" avanza en Armenia
Nor Sevan / Oct 6

El Obispo Primado Dr. Arén Shaheenian se reunió con miembros de la CD de la Unión Cultural Armenia
Nor Sevan / Oct 5