Երէկ Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հնգամեայ ծրագիրը ներկայացնելու ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Անկախութեան հռչակագիրին նոր Սահմանադրութեան մէջ յղում պէտք չէ ըլլայ: Ան ժամկէտներու մասին այդպէս ալ չխօսեցաւ, բայց ըսաւ, որ նոր Սահմանադրութեան բնագիրը պիտի հրապարակուի յառաջիկայ ամիսներուն: Կիրակի օր Անկախութեան հռչակագիրի ընդունման տարեդարձին առիթով Փաշինեանը վերջին հինգ տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ուղերձ չյղեց: «Նոր Սահմանադրութեան մէջ յղում կատարել Անկախութեան հռչակագիրին կը նշանակէ շարունակել Ղարաբաղի շարժումը, կը նշանակէ վերադառնալ հակամարտութեան տրամաբանութեանը», յայտարարեց Փաշինեան: Ազրպէյճան Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միաւորման մասին հռչակագիրի ձեւակերպումները տարածքային պահանջ կը նկատէ, զանոնք Սահմանադրութենէն հանելը խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման նախապայման դարձուցած է: Հակառակ անոր որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը սահմանադրական մեծամասնութիւն չէ ստացած, ու նախագիծը հանրաքուէի հասցնելու հեռանկարը բարդացած է, բայց Փաշինեան կը յայտարարէ. «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները քուէարկելով «Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան օգտին, քուէարկած են նաեւ այդ օրակարգի օգտին, որովհետեւ նոր Սահմանադրութեան ընդունումը «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրի կարեւոր դրոյթներէն մէկն է` այն հիմնաւորմամբ, որ Հայաստանի ժողովուրդը իրաւունք ունի իր օրինական եւ ազատ կամարտայայտմամբ ընդունուած Սահմանադրութիւնը ունենալ եւ ազատ կամարտայայտմամբ իր համար սահմանել իրաւակարգ ու ապրելու կանոններ»:
3 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day
Փաշինեան. «Նոր սահմանադրութեան մէջ Անկախութեան Հռչակագիրին յղում պէտք չէ ըլլայ»
Երէկ Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հնգամեայ ծրագիրը ներկայացնելու ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Անկախութեան հռչակագիրին նոր Սահմանադրութեան մէջ յղում պէտք չէ ըլլայ: Ան ժամկէտներու մասին այդպէս ալ չխօսեցաւ, բայց ըսաւ, որ նոր Սահմանադրութեան բնագիրը պիտի [...] Leer más >>

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Diario Armenia

El exjefe de la inteligencia alemana August Hanning fue detenido por presuntos vínculos con la inteligencia de Azerbaiyán
Diario Armenia / 3 hours ago

Nueva escalada del gobierno de Nikol Pashinyan contra la diáspora armenia: “Manténganse alejados de nuestro país, cierren la boca”
Diario Armenia / 3 hours ago

Իրան կրկին զգուշացուց Երեւանը երրորդ երկիրներու միջամտութեան մասին
Diario Armenia / 8 hours ago

Շաքիի մէջ պատահած դէպքը ապահովական մտավախութիւններ կը յառաջացնէ
Diario Armenia / 9 hours ago
Related coverage

Nikol Pashinyan proyecta la construcción de gasoductos y oleoductos en el marco de la Encrucijada de la Paz
Soy Armenio / 9 hours ago

Armenia desmiente las acusaciones azerbaiyanas sobre desaparecidos y mapas de fosas en la Conferencia de la OSCE
Soy Armenio / 9 hours ago

Armenia regula los contenidos audiovisuales extranjeros para evitar la injerencia política interna
Soy Armenio / 10 hours ago

Armenia endurece las normas de residencia para ciudadanos rusos a partir del 1 de noviembre
Soy Armenio / Oct 5