Երեքշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2025-ին, Իրաքի Հայոց Թեմին բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը Պաղտատի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ ընդունած է Իրաքի Հանրապետութեան նախագահի համեստափայլ Տիկնոջ` Շանազ Իպրահիմին։ Հանդիպման ընթացքին մեծարգոյ հիւրը ծանօթացած է տարբեր դաւանանքներու համար ուխտատեղի դարձած Սուրբ եկեղեցւոյ պատմութեան։ Նոր Տարուան և Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ Առաջին Տիկինը Իր սրտաբուխ շնորհաւորանքը յայտնած է Սրբազան Հօր մաղթելով որ Նոր Տարին Իրաքի ժողովուրդին համար ըլլայ Խաղաղութեան, համերաշխութեան և բարեբեր տարի։ Հանդիպման ներկայ եղած է կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պրն․ Կարապետ Գալուստեանը։