5 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day
Աժան Քարոզչութեան (Propagand) Մը Առիթով
Ցաւալի է, որ յարգելի գործընկեր «Երկիր» լրատուամիջոցը քանի մը օր առաջ մեծ աղմուկով հետեւեալ՝ իմ կարծիքով անտեղի եւ անհեթեթ լուրը հրապարակած էր. «ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեանը կը գրէ. «Երբ կը տեսնես, որ անգամ քու լուռ արած աշխատանքդ իսկ կ'օգտագործուի քու դէմ, ստիպուած կ'ըլլաս խօսել։ Ամէն բան չէ, որ կրնայ վերածուիլ PR-ի, գերիներու հարցը առաւել եւս։ Առաւօտեան պատկերներ տարածուեցան Զուարթնոց օդակայանէն, ուր կ'երեւի թէ ինչպէս է իշխող ուժի պատգամաւորներէն մէկը մեծ շուքով դիմաւորել Հայրենիք վերադարձած գերիներէն մէկուն կինը։ Ընդհանրապէս, իշխող ուժի ներկայացուցիչները երէկուընէ լծուած են գերիներուն ու անոնց հարազատներուն զգացումներուն հաշուոյն լայքեր ապահովելու գործընթացին։ Ու որպէսզի դուք պատկերացնէք տարբերութիւնը, միայն ըսեմ, որ Վիգէն Էօլճէքճեանի կնոջ Հայաստան ժամանելու բոլոր հարցերուն մասին հոգ տարած է ՀՅԴ-ն. տոմսը գնած են ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի ընկերները, Հայաստանի մէջ կեցութեան մասին հոգացած է Իշխան Սաղաթէլեանը, զայն օդակայան դիմաւորելու գացած է ՀՅԴ անդամներէն մէկը։ Ու ինչպէս միշտ, այս ամէնը արուած է լուռ, առանց աղմուկի, որովհետեւ աշխարհի մէջ ամէն բան չի սկսիր ու չ'աւարտիր լայքերով ու դիտումներով»։ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀՅԴ-ի անդամ՝ Քրիստինէ Վարդանեանի գրութիւնը ինքնին PR է par excellence! Մինչ 135-ամեայ փրոփականտի ռահվիրա՝ նշեալ կազմակերպութեան ներկայացուցիչը իր թափած մաղձին ընթացքին, ուշադրութենէն վրիպած է, որ գրութեան վերջին՝ իբր թէ իրենց համեստութեան մասին խօսող պարբերութիւնը, կը հակասէ աւելի վերեւը բարձրաձայնուածին... Ի դէպ նշեմ, որ նոյն կազմակերպութեան Լիբանանի մարմնի ֆէյսպութեան է'ին վրայ այս Վիգէնի ազատ արձակման լուրը կարդացող անմեղսունակ ընթերցողը այն տպաւորութիւնը պիտի ունենար, որ նշեալ կազմակերպութեան ջան ֆիտայիները, իրենք ինչ որ դեր ունէին գերեվարուած հայորդին ազատագրութեան մէջ... Քանի մը օր վերջ, նոյնանման եզրակացութեան առաջնորդող ակնարկ մըն ալ կար տուեալ կազմակերպութեան պաշտօնական օրկաններէն մէկուն մէջ: Շարունակեմ. Քրիստինէ Վարդանեանին վերաբերող վերի գրութեան մէջ ակնարկուած՝ իշխող ուժի ԱԺ պատգամաւորը, Հա

You've reached the free article limit
You've reached the free limit of 15 articles per day. Create a free account to unlock 50 articles per day and 25 full-article translations per day.
Create free accountor Sign in
More from Zartonk Daily

Վերջ Տալ Հակասահմանադրական, Անօրինական եւ Աւերիչ Արշաւին՝ Ընդդէմ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ
Zartonk Daily / Sep 27

Ռամկավար Ընկերներու Մասին՝ Մէկ Դրուագով ԿԱՄ Այնպէ՛ս, Ինչպէս Ճանչցայ Զիրենք – Կերպար Զ.
Zartonk Daily / Sep 9

ՄԱՀԱԶԴ. Ոչ Եւս է Ընկ. Համբարձում Տատուրեան
Zartonk Daily / Sep 9

Ռամկավար Ընկերներու Մասին՝ Մէկ Դրուագով ԿԱՄ Այնպէ՛ս, Ինչպէս Ճանչցայ Զիրենք – Կերպար Ե.
Zartonk Daily / Sep 6



