Ամառնային այս գեղեցիկ օրերուն 29 տարիներէ ի վեր սովորութիւն դարձած է որ մեր համայնքը համախմբուի նշելու հայկական մթնոլորտը , մշակոյթը եւ միասնութիւնը: Մեծ ուրախութեամբ Թորոնթոյէն եւ շրջակայ նահանգներէն ինչպէս նաեւ միացեալ նահանգներէն հազարաւոր հայորդիներ կը համախմբուին հաճելի ժամանակ անցընելու ընկերային եւ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ: Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի ամառնային փառատօնը տեղի ունեցաւ Յուլիս 10-11-12 շաբաթավերջին հայ երիտ. Կեդրոնի շրջաբակին մէջ: Ուրբաթ օր երեկոն խանդավառեցին Աբօ Սահակեան, Սուրօ եւ KVISION. Իսկ Շաբաթ օր երեկոն խանդավառեցին Յարութ Պալեան եւ Սեւակ Գաթքլեան : Ձեզի այս 2 օրերէն: