5 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day
«Հորիզոն»ի հարցազրոյցը ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Ժամկոչեան Փալանճեանի հետ
Ամեակներու նշումը վերանորոգումի, ՀՕՄ-ի հիմքերը ամրացնելու եւ նոր ուժերով շարունակելու առիթ են, որպէսզի կազմակերպութիւնս հաստատ քայլերով շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը. «Հորիզոն»ի հարցազրոյցը ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Ժամկոչեան Փալանճեանի հետ ՀՕՄ-ի 115-ամեակին եւ Գանատայի շրջանի 35-ամեակին առթիւ «Հորիզոն»ի աւագ աշխատակից Սոնա թիթիզեան Կէտիկեան հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Ժամկոչեան Փալանճեանի հետ, որուն ընթացքին Փալանճեան ըսաւ. «Զոյգ ամեակներուն նշումը մեզի համար շատ կարեւոր է վերանորոգումի, ՀՕՄ-ի հիմքերը ամրացնելու եւ նոր ուժերով շարունակելու առումով, որպէսզի կազմակերպութիւնս հաստատ քայլերով շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը: Այս նպատակով ներքին հանգանակային արշաւ մը կազմակերպած ենք, որուն արդիւնքէն շատ գոհ ենք»: Հարցազրոյցի աւարտին ան ըսաւ. «Այսօր, կոչ կ'ուղղեմ մեր երիտասարդներուն մաս կազմելու մեր շարքերուն: Կոչ կ'ուղղեմ մեր անդամներուն եւ համակիրներուն ներկայ ըլլալու մեր կազմակերպած յոբելինական ճաշկերոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 28 Յունիս 2025-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի ՀՄԸՄ-Կամքի «Հայկ Մարգարեան» մարզարանէն ներս: Վարձքը կատար ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի հիմնադիրներուն, նախորդ վարչութիւններու բոլոր անդամներուն, մեր նուիրեալ ու անշահախնդրօրէն գործող ՀՕՄ-ի բանակին եւ ազգանուէր հայրենակիցներուն ու համակիրներուն, որոնց շնորհիւ առողջ եւ կենսունակ շրջան մը եղած ենք եւ պիտի մնանք»: Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով.

You've reached the free article limit
You've reached the free limit of 15 articles per day. Create a free account to unlock 50 articles per day and 25 full-article translations per day.
Create free accountor Sign in
More from Horizon Weekly

Աւելի քան 100 քոնկրեսականներ կը պահանջեն կասեցնել ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնը Պաքուին
Horizon Weekly / 38 minutes ago

Siranush Sahakyan discusses Armenian prisoners and international law with Carleton University students
Horizon Weekly / 3 hours ago

Dr. Ari Meguerditchian named President of Canadian Society of Surgical Oncology
Horizon Weekly / 3 hours ago

Maria Saras-Voutsinas brings decades of community leadership to Toronto City Council race
Horizon Weekly / 3 hours ago
Related coverage

Pour l’Arménie, la détention de 19 Arméniens en Azerbaïdjan est un problème humanitaire
Abaka / Oct 6

Tentatives d’envenimer les relations Russie-Arménie
Abaka / Oct 6

L’Arménie et l’Iran discutent de la levée du blocus
Abaka / Oct 6

Russia Security Council: TRIPP project implementation may lead to emergence of US private military companies, intelligence infrastructure in Armenia
Abaka / Oct 2