Translate this article

5 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day

CivilNet Armenia· Oct 5
Education

Արեւմտահայերէնի դասաւանդումը, ԻՆԱԼՔՕ-ն եւ կենդանի լեզուն. «Ճակատաբաց»՝ Մելանի Գլըճեանին հետ

«Ճակատաբաց» փոտքասթ-հաղորդաշարի 13-րդ դրուագին հիւրն է Մելանի Գլըճեանը՝ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկ-համալսարանի (ԻՆԱԼՔՕ/INALCO) արեւմտահայերէնի դասախօս։ Երեւանի սրտին մէջ, Պետոն ու Ռուբէնը կը հիւրընկալեն Մելանին, որ Ռուբէնի նախկին դասախօսն է ՝ քննարկելու սփիւռքեան լեզուական ինքնութեան, արեւմտահայերէնի դասաւանդման արդի մեթոտներուն եւ լեզուական կենսունակութեան շուրջ հարցեր։ Զրոյցը կը ծաւալի Գերմանիայէն մինչեւ Ֆրանսա եւ Երեւան երկարող փորձառութեանց, ԻՆԱԼՔՕ-ի հայկական ամպիոնի պատմական դերին, IMAS մագիստրոսական ծրագրին եւ Ամին Մաալուֆի «բազմաշերտ ինքնութիւններու» հայեցակարգին շուրջ։ Հիմնական կէտեր՝ ● Հայտելպըրկէն Փարիզ՝ լեզուական կազմաւորում. հալէպահայ ընտանիքի մէջ ծնած Մելանիին մանկութիւնը Գերմանիոյ մէջ, Միջին Արեւելքէն եկած հայ ուսանողներու բազմաձայն միջավայրը, տան մէջ հայերէն խօսելու վճռականութիւնը եւ աւելի ուշ՝ Ֆրանսայի մէջ գրաւոր ու գրական հայերէնի իւրացումը։ ● ԻՆԱԼՔՕ-ի պատմական դերն ու առաքելութիւնը. 1795-էն ի վեր հայերէնի դասաւանդման աւանդոյթը (իբրեւ առաջին վեց լեզուներէն մէկը)՝ դիւանագէտներէն մինչեւ արեւելագէտներ ու հայագէտներ պատրաստելու գործին մէջ, եւ ամպիոնի զարգացումը՝ գրաբարէն ու արեւմտահայերէնէն մինչեւ արեւելահայերէն։ Այսօր ներառուած են 103 լեզուներ. արեւելահայերէնը մտած է անկախութենէն ետք՝ գործնական պահանջով։ ● Լեզուն մարդո՛ւն համար է, ոչ թէ լոկ պահպանման. «մեռած լեզուի» կամ զուտ մեղքի ու պարտականութեան բարդոյթներէն անցում դէպի կենդանի հաղորդակցութիւն. ընտանիքի վերջին հայախօս անդամի մահէն ետք արթնցող լեզուական որոնումներն ու նոր սերունդի ինքնաբուխ հետաքրքրութիւնը։ ● IMAS առցանց ծրագիրը եւ սփիւռքեան խճանկարը. արեւմտահայակեդրոն հեռավար մագիստրոսականի դերը սփիւռքի ուսուցիչներու վերապատրաստման գործին մէջ. Պէյրութէն, Տուպայէն, ԱՄՆ-էն, Գանատայէն, Եւրոպայէն ու Հայաստանէն ուսանողներու համախմբումը եւ միջհամայնքային համագործակցութեան ցանցի ստեղծումը։ ● Դասական ուղղագրութիւնը իբրեւ կամուրջ. Մեսրոպեան (դասական) ուղղագրութեան կիրառումը իբրեւ ուսումնական չափանիշ. Հայաստանէն եկած արեւելահայ ուսանողներու նախնական դժուարութիւններն ու

Արեւմտահայերէնի դասաւանդումը, ԻՆԱԼՔՕ-ն եւ կենդանի լեզուն. «Ճակատաբաց»՝ Մելանի Գլըճեանին հետ

You've reached the free article limit

You've reached the free limit of 15 articles per day. Create a free account to unlock 50 articles per day and 25 full-article translations per day.

Create free account

or Sign in

We use cookies for analytics and advertising, including Google ad partners who may use cookies to serve personalized ads. See our Privacy Policy for details and your choices.