Փարիզի մէջ, 18-21 Սեպտեմբերին, աննախընթաց պայմաններու տակ տեղի ունեցաւ Արարատ Գիտութեանց Միջազգային Ակադեմիայի ԺԸ. Համաշխարհային Գիտաժողովը, որ կը զուգադիպէր իր հիմնադրութեան 40-ամեակին, եւ նուիրուած էր Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակին։ Համակազմակերպիչներն էին՝ խաղաղութեան հասնելու համար ամբողջական տնտեսական զարգացում քաջալերող ՔՈՔԷՕ միջազգային ընկերակցութիւնը, ՃՈՄ միջազգային ընկերակցութիւնը, որ կը ձգտի խաղաղութեան հասնելու՝ զարգացնելով մշակոյթը, մարմնամարզն ու արուեստը, […]